ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵՒ ՎԵՑ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ԴԱՏԸ ԵՐԷԿ ԱԼ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը շարունակուեցաւ՝ Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս: Դատաւոր Սերժ Ռուշանեան հերթական անգամ քննարկեց թղթածրարը։ Վեհափառ Հայրապետը եւ վեց սրբազանները ներկայ չգտնուեցան դատավարութեան՝ ինչ որ արդէն նախապէս յայտարարուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ։ Նորին Սրբութիւնն ու միւս սրբազանները ներկայացուեցան իրենց փաստաբաններուն կողմէ։
Վեհափառ Հայրապետի եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթի քննարկումը այս փուլին եւս հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Պաշտպանական կողմի ներկայացուցած միջնորդութիւններուն վերաբերեալ դատաւորը երէկ վճիռ մը չարձակեց։ Ան յայտնեց, որ այդ միջնորդութիւններուն վերաբերեալ որոշում տալու համար խորհրդակցական սենեակ պիտի հեռանայ յաջորդ դատական նիստէն վերջ։
Պաշտպանական կողմը երէկուան դատավարութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազաններու դէմ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու եւ քրէական վարոյթը կարճելու միջնորդութիւն ներկայացուց։ Բացի այս պահանջէն, պաշտպանական կողմը պահանջեց, որպէսզի գործը Սահմանադրական ատեանին կողմէ քննարկուի։
«Քրէական դատավարութեան օրէնքով նախատեսուած ընթացակարգին համաձայն՝ առանց ապացոյցները հետազօտելու, նախնական դատալսումներու այս փուլին օրէնսդիրը թոյլ կու տայ կարճման որոշակի հիմքերէն միայն օգտուիլ, հիմնական հիմքէն, կարծես, թէ թոյլ չի տար, իսկ մենք կ՚ըսենք՝ չկայ յանցագործութիւն։ Մենք գործ ունինք տարօրինակ երեւոյթի հետ։ Առաջին իսկ տպաւորութենէն պարզ կը դառնայ, որ կաթողիկոսին վերագրուած արարքը չի կրնար յանցագործութիւն համարուիլ։ Կաթողիկոսը ընդունած է ներքին, կանոնական տիրոյթի մէջ տնօրինութիւն մը՝ հոգեւորական մը զրկելով այդ կարգավիճակին, այդ լիազօրութիւնը ոեւէ այլ մէկու չի պատկանիր։ Մենք կ՚ըսենք, որ այս փուլին այդ փաստը եկէք ընդունինք, որ այդպէս եղած է։ Պէտք չէ՞ ապացոյցներով հաստատել՝ կաթողիկոսի տնօրինութիւնը ընդունիլ կամ ոչ: Ընդունուած է։ Չի կրնար Սահմանադրական երաշխիքին հակառակ, ինչ որ կ՚երաշխաւորէ եկեղեցւոյ ինքնակառավարման իրաւունքը, պետութիւնը միջամտել։ Մենք կ՚ըսենք՝ չէք կրնար գործողութիւններով այնպէս ընել, որ սահմանափակէք կաթողիկոսի այդ իրաւունքը», նշեցին Վեհափառ Հայրապետի փաստաբանները։