ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը, յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը բաւական հասունցած է եւ որեւէ պահ կողմերը կրնան որոշել սահմանը բանալու մասին:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ կազմակերպուած «COP-17»ը համաժողովի շրջանակներէն ներս, Արարատ Միրզոյեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ըսաւ. «Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութիւնը այնքան աշխուժացած է եւ այս գործընթացը այնքան հասունցած է, որ իսկապէս պայմանական վաղը կրնանք արթննալ եւ տեսնել, որ արդէն երկու կողմերը կ՚ըսեն, որ սահմանը կը բանան: Մեր երկխօսութիւնը եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը բաւական հասունցած է եւ մենք ամէն յաջորդ պահ կրնանք գալ սահմանը բանալու որոշման, բանալ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը, երկկողմանի շարժի՝ ուղեւորափոխադրումներու եւ բեռնափոխադրումներու համար: Մեր տարածաշրջանը արագօրէն եւ արմատական կերպով կը փոխուի եւ կը փոխուի դէպի լաւը՝ տնտեսական, ենթակառուցուածքներու, վստահութեան, հոգեբանական գործօններու առումով»:
Միրզոյեան «COP-17»ը համաժողովի կազմակերպուած վերջին օրերուն խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին: Ան յայտնեց, որ կղզիացած տարածքներու խնդիրը խոչընդոտ մը չէ, որպէսզի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը: «Սա զգայուն հարց մըն է: Բոլորիս համար այս հարցը հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Սա այն հարցն է, որ պէտք է համաժողովրդական քուէարկութիւն ըլլայ, եթէ տարածքներու փոխանակում մը խնդրոյ առարկայ դառնայ: Կղզիացած տարածքները, այնուամենայնիւ, թէկուզ թեքնիքապէս, եթէ ամէն ինչ հրաշալի է յարաբերութիւններու առումով, կը բարդացնէ երկիրներու կեանքը: Գիտէք Ատրպէյճանի խօսոյթը, իրենք կ՚ըսեն՝ մինչեւ Սահմանադրութիւնը չփոխէք, մենք չենք ստորագրեր խաղաղութեան համաձայնագիրը: Չեն ըսած, չէ՞, կղզիացած տարածքներու հարցը չլուծուի, չենք ստորագրեր», ըսաւ նախարար Միրզոյեան:
Նախարարը համոզուած է, թէ կղզիացած տարածքներու վերաբերեալ խնդրի լուծման համար կան զանազան հնարաւորութիւններ, որոնք կը քննարկուին եւ խորութեամբ կ՚ուսումնասիրուին Ատրպէյճանի հետ: Միրզոյեան չփափաքեցաւ որեւէ պայմանաւորուածութիւն կանխորոշել, սակայն, նկատեց, որ եթէ որոշուի Հայաստանի 29 հազար 743 քառակուսի քիլօմեթր տարածքէն որեւէ բան փոխանցել եւ որեւէ բան ստանալ, ապա համազգային քուէարկութեան հարց մը կրնայ յառաջանալ: Ան շեշտեց, որ կղզիացած տարածքներու փոխանակումը լուծման հաւանական տարբերակներէն մէկն է, տեսականօրէն կրնան ըլլալ նաեւ այլ տարբերակներ: «Կրնամ ըսել, որ Ատրպէյճանէն եւս կայ շինիչ մօտեցում այս հարցի պարագային», դիտել տուաւ նախարարը:
Արարատ Միրզոյեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ TRIPP-ի մասին եւ այս ամբողջին մէջ անդրադարձաւ Երեւան-Թեհրան յարաբերութիւններուն: Նախարարը համոզուած է, թէ Հայաստանի կարգ մը լրատուամիջոցներու մէջ TRIPP-ի վերաբերեալ Իրանի մտահոգութիւնները էականօրէն ուռճացուած են: Ան յիշեցուց վերջերս Իրան կատարած այցելութիւնը, որմէ վերջ «COP-17»ի օրերուն Երեւանի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի միջեւ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ:
«TRIPP-ի վերաբերեալ Իրանի մտահոգութիւններուն շուրջ մեկնաբանութիւնները Հայաստանի լրատուամիջոցներուն մէջ կը մատուցուին էականօրէն իրականութենէ հեռու ձեւով, կրնամ ըսել էականօրէն ուռճացուած են: Իրան ունի հարցեր, որոնց պատասխանները տրուած են: Իմ կարծիքով՝ Իրան այս ընթացքով բաւարարուած է: Օրինակ, Իրան կը հարցնէ, թէ պիտի ըլլա՞յ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինեալ ներկայութիւնը TRIPP-ի երկայնքով: Պիտի չըլլայ, մարդիկ կը հարցնեն, կ՚ըսենք, որ պիտի չըլլայ, թուղթերը այդ մասին կը վկայեն, իրականութիւնը այդ մասին կը վկայէ: Այսինքն, բնականոն է, որ իրենք այդ հարցը ունին, մենք ալ այդ հարցի ճիշդ պատասխանը կու տանք, իրենք ալ կ՚ըսեն, որ եթէ պիտի չըլլայ, ապա իրենք ալ այդ երկաթուղային ցանցը պիտի կարողանան օգտագործել: Դասագրքային ճշմարտութիւն է, որ երրորդ կողմի զինեալ ներկայութիւնը մէկ այլ տեղ երկուքի յարաբերութիւններուն մէջ, միայն պիտի բարդացնէ այդ երկուքի կեանքը: Մարդիկ հարցեր ունեցած են, այդ խնդիրներուն պարբերաբար տրուած են պատասխաններ, ընդ որում, այնպէս չէ, որ ես այս անգամ գացած եմ եւ ինծի այս հարցը տուած են, որովհետեւ այդ հարցը տրուած է տարի մը առաջ եւ այդ հարցը պարզաբանուած է: Ես գացած եմ եւ ինձ ըսած են, որ եթէ այսպէս է լաւ», մանրամասնեց Արարատ Միրզոյեան:
Ի լրումն այս բոլորին, նախարարը դիտել տուաւ, որ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «COP-17»ը համաժողովը Հայաստանի համար նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ինչպէս կենսաբազմազանութեան պահպանման, այնպէս ալ միջազգային համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ: Անդրադառնալով Հայաստանի տեսակէտէ այս համաժողովի նշանակութեան՝ Արարատ Միրզոյեան կարեւորեց, որ երկրի տնտեսական զարգացման գործընթացներէն ներս կենսաբազմազանութեան պահպանման հարցը կը շարունակէ արժանանալ պատշաճ ուշադրութեան:
«Բնականաբար, կենսաբազմազանութեան ոլորտը մեզի համար պէտք է աւելի ու աւելի մեծ կարեւորութիւն ներկայացնէ։ Տնտեսական զարգացումներու յորձանուտին մէջ պէտք չէ մոռնանք պատշաճ ուշադրութիւն ցուցաբերել այս ոլորտին։ Հայաստան յառաջիկայ երկու տարիներուն պիտի նախագահէ «COP-17»ի շրջանակներու գործընթացին, ինչ որ նաեւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման մեծ հնարաւորութիւն է»։
Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ համաժողովին բազմաթիւ երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ամրապնդել այժմու կապերը եւ յառաջիկայ երկու տարիներուն շարունակել համագործակցութիւնը միջազգային գործընկերներուն հետ։
Անդրադառնալով «COP-17» համաժողովի Կապոյտ գօտիէն ներս Հայաստանի տաղաւարի ձեւաւորման՝ նախարարը դիտել տուաւ, որ այդ մէկը մեծ տպաւորութիւն գործած է։ «Հաւատացէք, ես նման միջոցառումներուն կը մասնակցիմ յաճախակիօրէն, ներկայ կ՚ըլլամ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ կազմակերպուած միջոցառումներու եւ պէտք է ըսեմ, որ Հայաստանի տաղաւարը շատ տպաւորիչ է, ժամանակակից եւ ճաշակով ձեւաւորուած», ըսաւ Միրզոյեան։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի տաղաւարը հրաշալի աշխատանքի մը արդիւնքն է: Ան բովանդակալից է եւ կատարման առումով՝ ժամանակակից:
Հայաստանի մէջ «COP-17»ը պիտի շարունակուի մինչեւ ամսավերջ։ Սա երկրի պատմութեան մէջ ցարդ կազմակերպուած ամենամեծ միջազգային բնապահպանական միջոցառումն էր։ Համաժողովի շրջանակներէն ներս աշխարհի զանազան երկիրներու ներկայացուցիչները կը քննարկեն կենսաբազմազանութեան պահպանման եւ միջազգային համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։
Հարկ է նշել, որ «COP-17»ի շրջանակներէն ներս, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Կենսաբազմազանութեան համաշխարհային երիտասարդական գագաթաժողովը, որ ընթացաւ Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ: