ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՁԵՒԱՉԱՓ

Չինաստանի Շենժէն քաղաքին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ աննախընթաց ձեւաչափով միջազգային կարեւոր գագաթաժողով մը, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը կազմակերպուի Ուաշինկթըն-Փեքին-Մոսկուա առանցքին վրայ։ Այսպէս, Շենժէնի մէջ ժամադրուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Հարկ է նշել, որ այս հանդիպումը կը բաղդատուի՝ 1945 թուականին տեղի ունեցած Եալթայի խորհրդաժողովին հետ։ Պատմականօրէն աննախընթաց այս գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ՝ Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, որ 33-րդն է իր նմաններու շարքին։ Կը նախատեսուի, որ Տանըլտ Թրամփ-Շի Ծինփինկ-Վլատիմիր Փութին եռակողմանի այս գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուի համատեղ յայտարարութիւն մը։

Միջազգային վառ հետաքրքրութեան եւ անմիջական ուշադրութեան պայմաններու ներքեւ տեղի կ՚ունենայ այսօրուան գագաթաժողովը, որու ընթացքին երեք ղեկավարները կ՚անդրադառնան՝ համաշխարհային խաղաղութեան պահպանման, մեծ տէրութիւններու միջեւ ռազմավարական կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ անոնց համատեղ պատասխանատուութիւններուն՝ համաշխարհային մարտահրաւէրներու դիմակայման եւ աշխարհի խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման առումով։ Ի լրումն այս բոլորին, առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը, Իրանի տագնապը, ինչպէս նաեւ հիւլէական զէնքերու եւ կլոպալ ուժերու նոր հաւասարակշռութիւնները։ Այս երեք ղեկավարները բառին բուն իմաստով համաշխարհային քաղաքականութեան ապագան խմորելու նպատակով ժամադրուած են։

Շենժէն մեկնելէ առաջ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Վլատիմիր Փութին քիչ մը մեղմացուցած ըլլալ կը թուի Ուքրայնայի հարցին շուրջ իր քաղաքականութիւնը։

Երեք ղեկավարները երէկ ի մի եկան Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթաժողովի բացման փուլին։ Անոնք իրարու միջեւ ունեցան նաեւ առանձնազրոյցներ։ Յամենայնդէպս, եռակողմանի հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ այսօր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2026