ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ԱԼԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԳՈՐԾԵՐՈՎ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, Ծաղկազարդի օրը տեղի ունեցաւ փառաշուք համերգ մը, որ եկաւ լրացնել հոգեւոր ապրումները՝ մշակութային աննախընթաց ձեռնարկով մը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր՝ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան։ Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցած համերգի երգացանկը ամբողջութեամբ բաղկացած էր՝ անմոռանալի վարպետ, հայ երաժշտութեան հսկաներէն Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութիւններէն։ Յատկանշական էր, որ երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Ալան Յովհաննէսի որդին՝ Ուիլիըմ Հոլսթը։ Պըրպենքի մէջ կեանքի կոչուած այս նախաձեռնութեան խրախուսանք ցուցաբերած էին՝ Արման Նարինեան եւ Սուզաննա Ազիզեան, որոնց աջակցութեան շնորհիւ հնարաւորութիւն ստեղծուած էր կազմակերպել բարձրորակ երաժշտական այս ձեռնարկը։

Համերգի գեղարուեստական ղեկավարն էր Ռաֆֆի Միքայէլեան, որու գլխաւորած խումբի անդամները երգեցողութիւնները կատարեցին դպրական շապիկներով։ Ալան Յովհաննէսի բոլոր յայտնի գործերը երգչախումբին կողմէ այնքան մեծ վարպետութեամբ մեկնաբանուեցան եւ արդիւնքին բոլոր ներկաները իսկապէս երաժշտական մեծ վայելք մը ունեցան այս համերգին հետեւելով։ Ի լրումն այս բոլորին, սոփրանօ Արսինէ Զաքարեանի կատարողական կարողութիւններն ալ թագն ու պսակը հանդիսացան՝ երգչախումբի կողմէ արձանագրուած յաջողութեան։

Երեկոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ թեմական խորհուրդի ատենապետ Տերիք Ղուկասեան, որ իր գործակից ընկերներուն հետ խրախուսած էր՝ ձեռնարկը կազմակերպած թեմի համապատասխան յանձնախումբը։ Եզրափակիչ փուլին ալ շնորհաւորութեան եւ օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ մեծ ուրախութիւն յայտնեց երգչախումբի կողմէ արձանագրուած յաջողութեան եւ այդ յաջողութեամբ ստեղծուած մթնոլորտին շուրջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2026