ՇԱՏ ԽՈՐ ՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ
Դէպի Մոսկուա աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումը, որու ընթացքին Փաշինեանի կողքին էին Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Փութինի հետ էին՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, Քրեմլինի արտաքին յարաբերութիւններու գծով օգնական Եուրի Ուշաքով եւ այլ պաշտօնատարներ։
Լրատուամիջոցներուն մօտ մեծ արձագանգ ստեղծեցին երէկուան բանակցութիւնները։ Այս առաւօտ ալ նախատեսուած է, որ Փաշինեան եւ Փութին աշխատանքային նախաճաշի մը ձեւաչափով աւարտեն քննարկումները։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարները երէկ ծաւալուն արժեւորման մը ենթարկեցին յարաբերութիւններու ընթացքը։ Հանդիպումէն առաջ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով տեղեկացուցած էր, որ Հարաւային Կովկասի տնտեսական եւ փոխադրական լոժիստիք կապերու զարգացման հարցերը առարկայ պիտի դառնան երկու երկիրներու ղեկավարներու ուշադրութեան։ Ի շարունակութիւն, երէկուան բանակցութիւններէն վերջ, Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Ռուսաստանի ընկերութեան կողմէ կառավարուող Հայաստանի երկաթուղային ցանցը երրորդ որեւէ երկրի վաճառելու տեսակէտէ առարկայական պատճառ մը գոյութիւն չունի եւ միայն Հայաստանն է, որ ունի նման ակնկալութիւն մը։
Վլատիմիր Փութին երէկ շեշտեց, որ Մոսկուա հանգիստ կը վերաբերուի Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղեալ Երեւանի ջանքերուն։ Այս գործընթացին անդրադառնալու ժամանակ՝ Փութին յիշեցուց, որ Եւրոմիութիւնն ու Հայաստանի անդամակցած՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնը անհամատեղելի են։ Փութինի այս շեշտադրումը լայն արձագանգ գտած է միջազգային մամուլին մէջ։ Ռուս ղեկավարի խօսքով՝ Հայաստան-Ռուսաստան տնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգանան լաւ թափով։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները շատ խոր են ու շատ կարեւոր։ Ան խօսեցաւ Հայաստանէ ներս նոր աթոմակայանի կառուցման մասին։ Ի լրումն այս բոլորին, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ անցեալ ամառ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները նոր հնարաւորութիւններ ստեղծած են Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն առջեւ։
Ըստ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մօտալուտ ընտրութիւններուն վերաբերեալ հարցերու՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքացիներ երկքաղաքացի են, նաեւ Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն ունին, իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները այնպէս կարգադրած են, որ երկքաղաքացիները քուէարկելու հնարաւորութիւն չունենան։
