ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ անմահ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման նպատակով ստեղծուեցաւ յոբելենական յանձնաժողով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ յանձնաժողովը կը գլխաւորուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ։ Յոբելենական յանձնաժողովը կը բաղկանայ պատկան պետական մարմիններու ներկայացուցիչներէն։ Նորաստեղծ յանձնաժողովի որոշման հիման վրայ՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը յայտարարած է մրցոյթ մը՝ յոբելենական ձեռնարկներու դիմումներու ընդունման համար։ Մրցոյթի մասնակցութեան համար ժամկէտ սահմանուած է մինչեւ մայիսի 15-ը։ Դիմումները կը կատարուին առցանց։

Հրաչեայ Աճառեանի ոգեկոչման ձեռնարկները նախատեսուած են յառաջիկայ աշնան։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2026