Է. ՄԱՔՐՈՆԻ ԱՅՑԸ

Վաղը, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պիտի ժամանէ Հայաստան, ուր պիտի մնայ մինչեւ մայիսի 5-ը։ Ան պիտի մասնակցի թէ՛ Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին եւ թէ զուգահեռաբար՝ պետական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, առաջին փուլին վերոյիշեալ գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ, Էմմանիւէլ Մաքրոն մայիսի 5-ին պիտի ձեռնարկէ պետական այցելութեան ծրագրին։ Այսպէս, ան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ պիտի ունենայ առանձնազրոյց մը։ Երկու ղեկավարները ընդլայնուած կազմով հանդիպում մըն ալ պիտի ունենան, փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութեան մը պիտի մասնակցին եւ յայտարարութիւններ պիտի ընեն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Մաքրոն պիտի ընդունուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ։ Ֆրանսացի ղեկավարը յարգանքի տուրք պիտի մատուցանէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, նաեւ պիտի այցելէ Մատենադարան։

Ըստ մշակուած ծրագրին՝ Մաքրոն եւ Փաշինեան պիտի այցելէն նաեւ Կիւմրի, ուր ծաղկեպսակներ պիտի զետեղեն՝ 1988 թուականի մեծ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։ Անոնք Կիւմրիի մէջ պիտի մասնակցին նաեւ՝ «Երաժշտական կամուրջ. Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրեալ համերգին։ Հարկ է նշել, որ այս համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ՝ նուիրուած երկու երկիրներու բարեկամութեան եւ մշակութային համագործակցութեան խորացման։ Ձեռնարկի ընթացքին հանդէս պիտի գան հայ եւ ֆրանսացի անուանի արուեստագէտներ՝ Հայաստանի Պետական սենֆոնիկ նուագախումբի նուագակցութեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2026