ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻՆ

2 մայիսին (նոր տոմարով)՝ 126 տարի առաջ, Խրիմի ինքնավար հանրապետութեան Թէոդոսիա ուքրանական քաղաքի ողջ բնակչութիւնը ողբի ու սուգի մէջ, տեղի Ս. Սարգիս եկեղեցիէն դէպի անմահութիւն կը յուղարկաւորէր հայազգի հանճարեղ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազեանը, աշխարհահռչակ Յովհաննէս կամ Իվան Այվազովսկին (Թէոդոսիա, Տաւրիկեան նահանգ, Ռուսական կայսրութիւն, 29 յուլիս 1817 - Թէոդոսիա, 2 մայիս 1900), երբ ուղեղային արիւնախռնումի հետեւանքով վերջ կը գտնէր անզուգական արուեստագէտին երկրային կեանքը եւ ան կ՚արժանանար յաւիտենական փառքի պատուանդանին:

Այսպէս, Սեւ ծովու ափին, 1817-ի յուլիսեան տօթակէզ օր մը, Գէորգ եւ Հռիփսիմէ Այվազեան ամոլի ընտանեկան յարկին տակ ծնած հրաշք-մանուկ Յովհաննէս Այվազեանը, յետագային պիտի դառնար «Հայկեան հանճար»ի աշխարհահռչակ ճառագայթումներէն մին՝ Այվազովսկի անուանումով, ասպատակելով ծովանկարչութեան արուեստի անպարագիծ ալիքներու ըմբոստացումները…

Արդարեւ, Յովհաննէս Այվազովսկի ամբողջ յուզաշխարհ մը յաւերժացուց՝ անհունաստեղծ ծովուն խորհուրդներուն եւ լուսնի տակ բազմագունեան լոյսերու անանց խաղերու մէջէն, անոր ալիքներուն ու վեհաթռիչ կոհակներուն անվերջանալի կատաղանքը, մենամարտերը նկարելէն, անոր՝ ծովուն փոթորկումները, ցասումն ու անվերջանալի ապրումները միաձուլելով կտաւ առ կտաւ, այդպիսով ողջ աշխարհին ու քաղաքակրթութեան կարկառելով իր տիեզերագնայ իմաստնութիւնն ու հանճարը: 

Հին յունական գաղթավայր եւ այժմու ուքրանական բանուկ նաւահանգիստ՝ Թէոդոսիան մեծցաւ եւ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ շնորհիւ Այվազովսկիին, որուն անուամբ 1880-ին բացուած պատկերասրահը, մինչեւ այսօր դէպի այդ քաղաքը կը հրաւիրէ քայլերը բոլոր անոնց, որոնք ծովու անունջ խորհուրդով հաղորդուելու հրայրքն ու ներքին պահանջքն ունին:

Աշխարհի բոլոր թանգարաններուն եւ պատկերասրահներուն մէջ մնայուն ցուցադրութեան իր ուրոյն անկիւնն ունենալու փառքին արժանացած հայ հանճարեղ ծովանկարիչին գործերը, կարեւոր մասով, կը ցուցադրուին իր ծննդավայրին անունը կրող այդ հսկայ պատկերասրահին մէջ, եւ այցելուները՝ որքա՛ն մօտիկէն շփուին անոր գլուխ-գործոցներուն հետ, ա՛յնքան իրենց մէջ կ՚ուռճանան հիացքն ու սքանչացումը Այվազովսկիի անկրկնելի գործերուն եւ մեծութեան հանդէպ:

Ինչպէս նշուեցաւ, հանճարեղ մանուկը ծնած է Այվազեան, մինչեւ Մոլտավիա հասած եւ ի վերջոյ Խրիմ վերադարձած ու Թէոդոսիա հաստատուած հայ առեւտրականի մը ընտանեկան յարկին տակ: Նախնական ուսումն ստացած է հայոց ծխական վարժարանին մէջ՝ մանուկ տարիքէն ցուցաբերելով նկարչական յատուկ սէր եւ Աստուածառաք ունակութիւն: 1830-1833 թուականներուն կը յաճախէ Սիմֆերոպոլի ռուսական երկրորդական վարժարանը, այնուհետեւ 1833-1837 տարիներուն՝ Ս. Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի ակադեմիան: Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ հետեւելով ռուս հռչակաւոր բնանկարիչ Մաքսիմ Նիքիֆորովիչ Վորոպիովի (1787-1855) դասարանին մէջ:

1837-ին, իր «Անդորր» անուն նկարին համար Այվազովսկի կ՚արժանանայ իր կեանքին մէջ առաջին պարգեւին՝ ակադեմիայի բարձրագոյն մրցանակին, Ոսկէ մետայլի եւ երկու տարուան համար Խրիմի մէջ նկարչութեամբ պարապելու ուղեգիրի: Այսպէ՛ս է, որ կը սկսի Այվազովսկիի գեղարուեստական ստեղծագործութեան վերելքը, որ շարունակական մագլցումներ կ՚արձանագրէ ծովանկարչական արուեստի գագաթն ի վեր:

1840-ին, առ ի գնահատանք իր խրիմեան ժամանակաշրջանի ստեղծագործական նուաճումներուն, Ս. Փեթերսպուրկի ակադեմիան զինք կ՚ուղարկէ արտասահման՝ ինքնակատարելագործման հնարաւորութիւններ ստեղծելով 23-ամեայ արուեստագէտին, որ կ՚այցելէ Իտալիա՝ Ս. Ղազար, Սպանիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Հոլանտա, ամէնուր մօտէն ծանօթանալով ժամանակի եւրոպական մեծ նկարիչներուն հետ, նաեւ ընդհանրապէս խորանալով նկարչական արուեստի գլուխ-գործոցներու իւրովի ուսումնասիրման մէջ: Այս շրջանին է, որ ան կը մասնակցի յատկապէս Փարիզի եւ Ամսթերտամի մէջ նկարչական հեղինակաւոր ցուցահանդէսներու՝ տիրանալով միջազգային մրցանակներու եւ արժանանալով ակադեմական կոչումներու, որոնց, մինչեւ մահ, արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ ան՝ շարունակ վերահաստատման ու նորովի մեծարման փառք վաստկելով իր անունին շուրջ:

1844-ին, Այվազովսկի վերադարձաւ Ռուսաստան, ստացաւ Ռուսական գեղարուեստական ակադեմիայի ակադեմիկոսի կոչում (1887-էն՝ Պատուաւոր անդամ) եւ նշանակուեցաւ Ծովային ընդհանուր շտապի գեղանկարիչ: 1845-ին վերջնականապէս բնակութիւն հաստատեց Թէոդոսիա, իր ծննդավայրը, աշխուժօրէն լծուելով ազգային-քաղաքական եւ հասարակական գործունէութեան:

Ցարական ծովուժի գեղանկարիչի իր հանգամանքով, Այվազովսկի անձամբ մասնակցեցաւ ռուսական զօրքերուն մղած պատերազմներուն թուրքերու դէմ: Քիչ չէ թիւը իր այն գեղանկարներուն, որոնք նուիրուած են ռուս-թրքական ծովային ընդհարումներու: Այդ շարքէն յիշատակելի են մանաւանդ 1853-1856 թուականներուն Խրիմի պատերազմին առընչուած իր նկարները, որոնք 1854-ին, Սեւաստոպոլի պաշարման օրերուն, առանձին ցուցահանդէսով ներկայացուեցան՝ ուժ եւ կորով ներշնչելով հերոսաբար պատերազմող զօրքին ու ժողովուրդին:

1850-ականներուն եւ 1860-ականներուն, Այվազովսկի միշտ եղաւ ճանապարհորդութեան մէջ՝ գեղարուեստական իր աշխատանքներուն բերումով: Եղաւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Ափրիկէ ու Ծայրագոյն Արեւելք: Ամէնուր ցուցահանդէսներ տուաւ եւ տիրացաւ մրցանակներու: Այդ ճամբով է, նաեւ, որ իր գործերն ու հռչակը սեփականութիւնը դարձան ամբողջ աշխարհի: 

Բայց յատկապէս հայ իրականութեան հետ մնայուն եւ յարաճուն կապով յատկանշուեցաւ ե՛ւ շնչաւորուեցաւ Այվազովսկիի կեանքը: 1866-ին ան ուղեւորուեցաւ Կովկաս, եղաւ Թիֆլիզ եւ Պաքու: 1869-ին, իր գործերուն ցուցահանդէսը տուաւ Թիֆլիզի մէջ եւ այդպիսով հիմը դրաւ հայ նկարիչներու անձնական ցուցահանդէսներու աւանդութեան: 

Այվազովսկիին աշակերտեցին եւ իր արուեստին շարունակողները եղան հայ մեծանուն նկարիչներ՝ Վարդան Մախոխեան (1869-1937), Մանուկ (Էմանուէլ) Մահտեսեան (1857-1908) եւ Մկրտիչ Ճիւանեան (1848-1906): 

Յովհաննէս Այվազովսկի, աւելի քան 6 հազար գեղանկարներ հաշուող մեծարժէք ժառանգութիւն մը ամրագրեց իր անունին: Գեղարուեստական տաղանդի այդ վարարման արգասիքն են հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին՝ յատկապէս մեծախորհուրդ Արարատին նուիրուած իր գործերը, որոնց լաւագոյն նմոյշներէն ոմանք մնայուն ցուցադրութեան իրենց փառաշուք տեղը գտած են Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ: Միայն օրինակներ թուելու կարգով անոնցմէ յիշատակման արժանի են՝ «Հայերու ջարդը Տրապիզոնի մէջ, 1895-ին», «Նոյը կ՚իջնէ Արարատ լեռէն», «Արարատ լերան հովիտը», «Հայ մարտիկի երդումը», «Հայ ժողովուրդին մկրտութիւնը», «Պայրընի այցը Մխիթարեաններուն՝ Ս. Ղազար կղզի», «Խրիմեան Հայրիկը Էջմիածնի շրջակայքը» եւ բազմաթիւ այլ գործեր, որոնք 19-րդ դարու հայ ժողովուրդի կեանքին, որոնումներուն եւ մաքառումներուն, տառապանքներուն եւ յոյսերուն, վեհութեան եւ անկումին խորագոյն պահերը որսալով՝ զանոնք գեղարուեստական արարումներով հանճարեղ արուեստագէտը յանձնած է յաւերժութեան փառքի: 

Այվազովսկի գործնապէս պայքարողի իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ողբերգական հարուածներուն դէմ: Յատկապէս մեծ եղաւ իր ներդրումը 1894-1896 թուականներուն համիտեան կոտորածներուն ժամանակ: Ան ամբողջ նկարաշար մը ստեղծեց եւ զայն կարկառեց միջազգային ցուցահանդէսներու՝ ո՛չ միայն հայոց իրաւունքներուն եւ արդարութեան ձայնը իւրովի ու բարձրագոռ հնչեցնելով աշխարհով մէկ, այլեւ այդ գործերու վաճառքէն գոյացած գումարներով օգնութեան ձեռք երկարեց Կովկաս ու Խրիմ ապաստանած հայ բազմաթիւ գաղթականներու: 

Իր կենդանութեան՝ 1887-ին եւ 1897-ին, մեծ շուքով տօնուեցան հանճարեղ ծովանկարիչին ստեղծագործական կեանքի 50-ամեայ եւ 60-ամեայ յոբելեանները:

Այս տարի, Այվազովսկիի ծննդեան 209-ամեակը կը լրանայ յառաջիկայ յուլիսին՝ ուղղուելով դէպի 210-ամեակ: Աշխարհի տարբեր ազգերու շարքին մանաւանդ հայ ժողովուրդի հայեացքը կրկին կը կեդրոնանայ մեծ արուեստագէտի գործերուն վրայ եւ ծովու խորհուրդին մէջ մենք անգամ մը եւս կը տեսնենք Հայու հոգին, որուն ԺԹ. դարու պատմութեան Աներկրորդ ծովանկարիչը հանդիսացաւ հանճարեղ Յովհաննէս Այվազովսկին:

Բազմաթիւ հայ գրողներու հիացքին են արժանացած Այվազովսկիի գործերը: Անգլիացի անուանի ծովանկարիչ եւ բանաստեղծ Ճոզըֆ Մալլորտ Ուիլիըմ Թըռնըր (1775-1851) նշանաւոր բանաստեղծութիւն մը ձօնած է Յովհաննէս Այվազովսկիին, երբ վերջինը դեռ շատ երիտասարդ էր: «Մեծ աշխարհահռչակը» խորագրեալ Թըռնըրի այդ բանաստեղծութիւնը հրաշալիօրէն թարգմանած է մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազ: Կու տանք Շիրազի թարգմանութեամբ հատուածներ այդ երկարաշունչ բանաստեղծութենէն.-

… Ծովը չի կարող իր փոթորիկը,
Իր ծով-մրրիկը պահել յաւիտեան,-
Յաւերժացրի՛ր դու ծով-մրրիկը,
Ծով փոթորիկը ծովի անսահման,-
Դու ստիպեցիր մշտաքայլ լուսնին 
Կանգնել ծովափին եւ յաւերժանալ.
Թող յաւերժանա՛յ քո սուրբ ազգն էլ հին,
Եւ ինչպէ՞ս քեզնով չըսքանչանալ,
Ով երիտասարդ, բայց ներիր դու ինձ,
Եթէ խոնարհեմ գլուխս ալեհեր
Արուեստի առջեւ քո աստուածային,
Հանճարի առջեւ քո երանաբեր…

Թէկուզ ցամաքեն ծովերը համայն՝
Քո կտաւները ծո՜վ են յաւիտեան։

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Շաբաթ, Մայիս 2, 2026