ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ «ԱՆՎԵՐՆԱԳԻՐ»Ը
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բացուած մեծ ցուցահանդէս մը հերթական անգամ գեղարուեստասէրները կը համախմբէ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։ «Արշիլ Կորքի. Նիւ Եորք-Երեւան. նոր ձեռքբերում» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը բառին բուն իմաստով աննախադէպ իրադարձութեան մը վերածուած է մշակութային կեանքէ ներս։ «Սոթպիզ» ընկերութենէն աճուրդով ձեռք բերուած է Արշիլ Կորքիի «Անվերնագիր» անուն գործը, որ ցուցադրութեան առանցքը կը կազմէ։ Առաջին անգամ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յատկացուած պետական միջոցներով ձեռք բերուած է նման բարձր արժէքով ստեղծագործութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նպատակով տրամադրուած է շուրջ 31 միլիոն հայկական դրամ։
«Արշիլ Կորքիի նոր աշխատանքի ձեռքբերումը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին համար բացառիկ երեկոյթ մըն է, որովհետեւ անոր հասուն շրջանի աշխատանքներու բացակայութիւնը մեզի թոյլ չէր տար լիարժէք ներկայացնել 20-րդ դարու սփիւռքահայ արուեստի զարգացումն ու արդի արուեստի ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մին՝ ապսթրաքթ էքսփրէսիոնիզմը, որու նախապետն է Արշիլ Կորքին։ Սա թոյլ կու տայ երկակի կերպով զարգացնել մեր հաւաքածոն, ամրապնդել անոր միջազգային կարգավիճակը», յայտնեց պատկերասրահի ցուցահանդէսային բաժնի ղեկավար Վիգէն Գալստեան, որ համադրած է այս ցուցադրութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ համաշխարհային արուետսի պատմութեան մէջ Արշիլ Կորքիի տեղը անկիւնային է։