ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը: Հայկական պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փութին Փաշինեանը շնորհաւորած է ծննդեան առթիւ եւ յղած՝ բարեմաղթանքներ: Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին՝ հեռաձայնած ըլլալու եւ շնորհաւորութիւններու համար: 

Անոնք կարծիքներ փոխանակած են նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգի ընթացիկ հարցերու շուրջ: Փաշինեան Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է՝ տարընթերցումներու առիթ տուած շարք մը հարցերու վերաբերեալ հաւասարակշռուած դիրքորոշումներուն, բարեկամական ոճին, ինչպէս նաեւ աջակցութեան համար: Վարչապետն ու նախագահը համաձայնած են քննարկումները շարունակել յառաջիկային յարմար առիթով՝ հանդիպման ձեւաչափով: 

Ռուսական պաշտօնական աղբիւրներն ալ մանրամասնութիւններ հրապարակեցին Փաշինեան-Փութին զրոյցին կապակցութեամբ: Այսպէս, անոնք քննարկեցին Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Աստանայի մէջ, մայիսի 29-ին կազմակերպուած Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովի արդիւնքները: Արդարեւ, Եւրոասիոյ բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի ժողովին ժամանակ, կազմակերպութեան անդամ երկիրները հանդէս եկած էին Հայաստանի ուղղեալ կոչով մը եւ այդ մէկը հրապարակուած էր պաշտօնական համատեղ յայտարարութեան մը ձեւաչափով: Այսպէս, Ռուսաստանի, Ղազախիստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Խրղըզիստանի նախագահները Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էին հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներուն մէջ կազմակերպել հանրաքուէ մը՝ ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նախընտրութիւն մը կատարելու նպատակով: 

Այդ գագաթաժողովին Հայաստանը ներկայացուցած էր՝ փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, որովհետեւ շաբաթավերջի խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան արձակուրդի մէջ կը գտնուի՝ քարոզարշաւի մասնակցելու նպատակով: Աստանայէն հնչած յայտարարութեան ի պատասխան՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ ներկայ փուլին Եւրոմիութեան եւ ԵԱՏՄ-ին միջեւ ընտրութիւն կատարելու հարցով Հայաստանէ ներս հանրաքուէ մը կազմակերպելու համար հիմք գոյութիւն չունի: Վարչապետը ընդգծած էր, որ Հայաստան պիտի շարունակէ աշխատիլ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներէն ներս մինչեւ այն պահը, երբ Եւրոմիութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ նախընտրութիւն մը կատարելը դառնայ անխուսափելի:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2026