ԱՅՍՕՐ ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս արձանագրուած շօշափելի զարգացումները կ՚ուղղորդուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու աշխատանքային շփումներով։ Այսօր, Կարսի մէջ տեղի կ՚ունենայ երկու երկիրներու գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը։ Թէեւ անցեալի մէջ ալ գործարարներու միջեւ շփումներ տեղի ունեցած են, սակայն, այս անգամուանը աննախընթաց կը համարուի` հաշուի առնելով, որ ներկայ քաղաքական բացառիկ կլիման կը պայմանաւորէ ամէն ինչ։ Սա Թուրքիա-Հայաստան գործարար ֆորումի մը նմանութեամբ կազմակերպուած է։
Կարսի, Իգդիրի եւ Արտահանի նման սահմանամերձ քաղաքներու գործարարները արդէն բարձր տրամադրութեան մէջ են` Հայաստանի հետ համագործակցութիւն ծաւալելու հեռանկարներուն հետամուտ։ Այսօրուան հանդիպումը կը գլխաւորեն` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչները` Այշէ Ուզէր եւ Հայկ Դարբինեան։ «Անատոլու» գործակալութիւնը եւ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը կը լուսաբանեն այս իրադարձութիւնը։
Կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տարուած են՝ Թուրքիոյ Առեւտրական գրասենեակներու եւ սակարաններու միութեան կողմէ (TOBB)։ Այսօրուան հանդիպման կը մասնակցին զանազան բնագաւառներու ներկայացուցիչներ։ Գործարարներու հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ՝ երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի հնարաւորութեան ստեղծման համայնապատկերին վրայ։
Արդարեւ, Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին հնարաւոր դարձած է օգտագործել Թուրքիա-Հայաստան առեւտուրին համար։ Այսպէսով, ցամաքէն կամ երկաթգիծով հնարաւոր կը դառնայ առեւտուր իրագործել երկու երկիրներու միջեւ։ Օդային ճամբու հնարաւորութիւնները արդէն շատ աւելի առաջ գոյութիւն ունէին։ Թրքական կողմէն մեկնաբաններ կը նշեն, որ բնականոնացման գործընթացը հասած է այնպիսի կէտի մը, ուր ցամաքային սահմանի բացումը այլեւս միայն խորհրդանշական իմաստ կը ներկայացնէ։ Ուստի, շահագրգիռ բոլոր կողմերը պատրաստակամ են այս գործընթացը խրախուսելու։
Գործարարներու հաւաքին առթիւ Կարսի մէջ կը գտնուին նաեւ՝ TOBB-ի ղեկավարութենէն ներկայացուցիչներ։
Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս, Հայաստանի հիմնական ակնկալութիւններն են՝ ցամաքային սահմանի բացումն ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։ Հայաստան արդէն վաղուց օգտագործման պատրաստ վիճակի բերած է Մարգարայի սահմանային անցակէտը, ուր ատեն-ատեն կ՚այցելեն պաշտօնատարներ, ինչ որ առիթ կը հանդիսանայ հրապարակելու համար, որ ամէն ինչ պատրաստ է՝ ներառեալ մաքսատուներու սարքաւորումները։