ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ռուսական կառավարական աղբիւրները հաղորդեցին, որ շփումը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Վարչապետները քննարկեցին առեւտրատնտեսական, գիտական, փորձագիտական եւ մշակութային-մարդասիրական ոլորտներէ ներս համագործակցութեան արդիական հարցեր։
Հայաստանի ընտրութեան յաջորդած իրավիճակին մէջ չի բացառուիր Փաշինեանի դէպի Մոսկուա այցելութիւնը՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման համար։ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին շրջանին կուտակուած են բազմաթիւ հարցեր, որոնց դրսեւորումները կը ցոլանան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։
Փաշինեան նախընթաց օր յայտնած էր, որ յառաջիկային տեղի կ՚ունենայ իր հանդիպումը Փութինի հետ։ Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներու դէմ հաստատուած սահմանափակումներուն անդրադառնալով՝ վարչապետը նշած է, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) օգոստոսին նախատեսուած միջկառավարական նիստի շրջանակներէն ներս այդ հարցերը պիտի քննարկէ Միշուսթինի հետ։ Սոյն յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, ԵԱՏՄ-ի ժողովէն առաջ, արդէն տեղի ունեցած է Փաշինեան-Միշուսթին հեռախօսազրոյցը։
Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտներն ալ վերջին օրերուն դարձեալ կը բարձրաձայնեն՝ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան խորացման դէմ անհանգստութիւններ։