Շաբաթ 4, Յուլիս 2026
ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ընդունեց Թուրքիոյ կաթոլիկ եպիսկոպոսներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը: Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին Էրտողանի կողքին էին՝ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Պուրհանետտին Տուրան, նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդականը՝ դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ նախագահականի դիւանապետը՝ Հասան Տողան: Զրոյցի բովանդակութեան շուրջ պաշտօնական մարմինները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած:
Անգարայի հանդիպման ներկայ էր նաեւ՝ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան թ. ծայրագոյն վարդապետ Գազանճեան:
Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2026