ՊԱՔՈՒԷՆ ՎԵՐՋ ԵՐԵՒԱՆ

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն այս առաւօտ ժամանեց Երեւան։ Ան այցելութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս՝ ուղեկցութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը, որու կազմին մէջ կը գտնուի Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով կոմիսար Մարթա Քոս։

Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի ուղեւորութեան առաջին փուլը հանդիսացաւ Պաքուն, ուր ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն եւ Իլհամ Ալիեւ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Իլհամ Ալիեւի կողքին էին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Պաքուի շփումներու աւարտին, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն այս առաւօտ հասաւ Երեւան, ուր օրուան տեւողութեան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը այս ամբողջին մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Եւրոյանձնաժողովի նախագահը Իլհամ Ալիեւի կողմէ ընդունուելու զուգահեռ՝ պատգամներ փոխանցեց Պաքու-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ։ 

Այս առաւօտ, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն դիմաւորուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը օդակայանէն անմիջապէս առաջնորդուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան շէնքը։ Ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, որու հետ կ՚ունենայ առանձնազրոյց մը եւ աւելի վերջ տեղի կ՚ունենան ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2026