ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ԴԱՐՁՈՒՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՐՋԱԿԱՅՔԻ ԹԷԺ ԿԷՏԵՐԸ

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս գումարուեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ զեկոյց մը՝ ութ կէտերէ բաղկացեալ։ Ըստ զեկոյցին՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը օրակարգի վրայ ունեցաւ՝ առանց ահաբեկչութեան Թուրքիոյ ճանապարհին վրայ արձանագրուած զարգացումները։ Խնդիրը շօշափուեցաւ ընդհանրապէս առանց ահաբեկչութեան տարածաշրջան մը ունենալու տեսլականի ամբողջին մէջ։ Այս ուղղութեամբ առնուած քայլերը եւ արձանագրուած յառաջընթացը արժեւորուեցան ժողովականներուն կողմէ։ Շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա սեփական անվտանգութեան եւ իր հարեւաններուն համար, նաեւ տարածաշրջանի անդորրութեան ու բարգաւաճման համար անհրաժեշտ ջանքերը կը գործադրէ վճռակամութեամբ։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադրութեան՝ ընդգծելով այդ երկրի ամբողջականութեան նկատմամբ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը։ Ընդգծուեցաւ, որ Անգարա պիտի շարունակէ խրախուսել՝ Դամասկոսի միջազգային հաւաքականութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացումը։

Իրաքի կայունութեան եւ այդ մէկուն ամբողջ տարածաշրջանին տեսակէտէ նուրբ նշանակութիւնն ալ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քննարկումներուն ընթացքին կարեւոր նիւթ դարձան։ Այս առթիւ խորհուրդի զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա կը վերահաստատէ իր կամքը՝ Իրաքի հետ ռազմավարական համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ առկայ պատերազմը հերթական անգամ ժողովի օրակարգին վրայ էր։ Զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ, որ առկայ փակ շրջանը նոր խոցելի իրավիճակներ կը հրահրէ տարածաշրջանէն ներս։ Ուստի, թրքական կողմը կոչ ուղղեց, որպէսզի ահագնացող այս հակամարտութիւնը ժամ առաջ վերջ գտնէ։ Ի շարունակութիւն, շեշտուեցաւ, որ Կազզէի եւ Լիբանանի մէջ ալ խաղաղութիւն պէտք է վերահաստատուի, իսկ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը պէտք է յարգէ այս ուղղութեամբ պատասխանատուութիւնները՝ ինչպէս որ պէտք է յարգանք ցուցաբերէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։

Նոյնպէս տարածաշրջանի համայնապատկերին վրայ Եմէնի իրադարձութիւնները Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ քննարկուեցան։ Մատնանշուեցաւ, որ այժմու լարուածութիւնը անմիջականօրէն կ՚անդրադառնայ հարեւան երկիրներուն եւ կը սպառնայ տարածաշրջանի անվտանգութեան։ Ուստի, Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ համաշխարհային կայունութեան տեսակէտէ նուրբ նշանակութեամբ անդորրութիւնը փութով պէտք է հաստատուի այստեղ։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի արդի վիճակին, քաղաքային ցաւալի կորուստներուն եւ նաւագնացութեան ուղղութիւններուն վրայ խտացած յարձակումներուն։ Այս բոլորի տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ազդեցութիւնները նրբանկատ հաշուի առնուեցան ժողովականներուն կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ դէպքերը դարձած են յաճախակի՝ Թուրքիա կողմերուն կոչ ուղղեց, որպէսզի ցուցաբերեն զսպուածութիւն եւ հաստատեն հրադադար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2026