ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԸ ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑԻ ՏԱԿ՝ ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ 2025 թուականի ամրան, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնները շրջադարձային պիտի ըլլան ամբողջ Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ:

Շաբաթավերջին, Վահան Կոստանեան մասնակցեցաւ՝ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած՝ «Հարաւային Կովկաս. ձեւաւորուող ռազմավարական հանգոյց» խորագրեալ քննարկման: Ասուլիսի ընթացքին, փոխ-նախարարը ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ անցեալ տարի Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնը պիտի դառնայ շրջադարձային ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին համար՝ ներառեալ Վրաստանը եւ Թուրքիան: Եւ սա ներառական գործընթաց մըն է»:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի ընթացքին Վահան Կոստանեան ուշադրութիւն հրաւիրեց աշխարհէ ներս առկայ անորոշութիւններուն վրայ: Ան ըսաւ. «Ինչ-որ ձեւով նոյնիսկ զարմանալի է մտածել, թէ Հարաւային Կովկասը այս պահուն ամենակայուն տարածաշրջաններէն մին է՝ այն պարագային, երբ ամէնուրեք խաթարուած են լոժիսթիք եւ մատակարարման շղթաները, կը շարունակուին պատերազմները եւ այլն: Այսօր Հարաւային Կովկասէ ներս ներկայ կայունութիւնը մեր ամենամեծ մրցակցային առաւելութիւնն է: Սակայն, օրինակ, մատակարարման շղթաներու խափանումները յաւերժ պիտի չտեւեն: Եւ մենք պէտք է բաւական խելացի ու արագ ըլլանք՝ իրացնելու համար այն մրցակցային առաւելութիւնները, որոնք այս պահուն ստեղծուած են»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026