ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ աշխատանքները կը շարունակուին՝ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրումը հնարաւորինս արագ իրականացնելու ուղղութեամբ:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ես կը կարծեմ, թէ վաղուց ժամանակն է, որպէսզի Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնեաներու շփումները ըլլան աշխատանքային առօրեայ գործունէութեան ընդհանուր ընկալման մէջ»:
Վարչապետի խօսքով՝ վերջին շրջանին վերոյիշեալ երկիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ տեղի ունեցած շփումներու եւ հանդիպումներու աշխուժացումը կը վերաբերի այս նիւթին: Անդրադառնալով Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման ճակատագրին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրման հեռանկարներուն՝ վարչապետը դիտել տուաւ, որ այս առումով նորութիւններ չկան:
«Նոր բան մը չկայ, բայց կայ նաեւ, այն՝ որ ամէնօրեայ աշխատանք տեղի կ՚ունենայ: Կը փորձենք հնարաւորութիւններ գտնել՝ նաեւ տարբեր ուղիներով զարգացնելու համար յարաբերութիւնները», ըսաւ ան:
Այս համատեսքին մէջ Փաշինեան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ օդային ընկերութիւններէն մին արդէն սկսած է թռիչքներ իրականացնել դէպի Հայաստան: «Յոյս ունինք, որ թրքական օդային ընկերութիւններէն որեւէ մէկուն կողմէ թռիչքներ կ՚իրականացուին նաեւ դէպի Կիւմրի», աւելցուց ան:
Ըստ Փաշինեանի՝ հարցը իրեն համար այն չէ, թէ արդեօք տեղի կ՚ունենա՞ն Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումը կամ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը: Արդարեւ, հարցը այն է, թէ ե՞րբ տեղի կ՚ունենան:
Վարչապետը ընդգծեց, որ այժմ աշխատանքներ կ՚իրականացուին, որպէսզի այդ բոլորը հնարաւորինս շուտ տեղի ունենայ:
Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը սկսած է այն պահուն, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած են հաւասարակշռման եւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգը:
«Հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութիւնը ցոյց տուաւ իր արդիւնաւէտութիւնը՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով կայունացնել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին միջավայրը: Հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութիւնը կ՚որդեգրուի՝ որպէս ռազմավարութիւն, որու առանցքային խնդիրը արտաքին յարաբերութիւններու անհամաչափութիւններ թոյլ չտալն է կամ անհամաչափութիւնները հաւասարակշռելու միջոց ունենալը: Հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութեան մէջ առանցքային դեր ունի տարածաշրջանայնացումը, որու առանցքային նպատակը սեփական միջավայրէն ներս առանց արտաքին միջամտութեան ապրիլն է: Սա Հայաստանի Հանրապետութեան համար ո՛չ միայն հնարաւոր է, այլեւ յարմարաւէտ դարձնելն է: Այս իմաստով յարաբերութիւններու ապագայ զարգացումը Վրաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի հետ ունի կարեւոր նշանակութիւն», յայտնեց Փաշինեան՝ իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ շաբաթավերջին կազմակերպուած նախընտրական հաւաքոյթի մը ժամանակ: