ԲԱԶՄԱԲԵՒԵՌ ԱՇԽԱՐՀԻ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերահաստատեցին երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը խորացնելու յանձնառութիւնը։ Շի Ծինփինկ Վլատիմիր Փութինը հիւրընկալելու ժամանակ կոչ ուղղեց, որպէսզի Մերձաւոր Արեւելքի ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրին։ Փեքինի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի բարիդրացիութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համաձայնութեան ժամկէտը երկարաձգուի։ Կողմերը հանդէս եկան բազմաբեւեռ աշխարհի վերաբերեալ շեշտադրումներով։

Շի Ծինփինկ այս առաւօտ բարձր արարողակարգով հիւրընկալեց Վլատիմիր Փութինը, որ երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Փեքին։ Փութինին համար մասնաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Թիանենմէնի հրապարակին վրայ։

Երկու ղեկավարները միջազգային հրատապ օրակարգի բոլոր հարցերը շօշափեցին։ Փութին նշեց, որ Ռուսաստան ուժանիւթի վստահելի մատակարար մըն է։

Մօտաւոր անցեալին Փեքին այցելած էր նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2026