«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ. ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Երէկ, Երեւանի մէջ եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, որ շուրջ շաբաթ մը մագնիսացուցած էր գեղարուեստական շրջանակներու ուշադրութիւնը։ 27-րդ անգամ կազմակերպուած փառատօնը երէկ շարժանկարի սիրահարներուն հրաժեշտ տուաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Գեղարուեստասէրները արդէն այժմէն ժամադրուեցան յաջորդ տարուան փառատօնին համար։
«Ոսկէ ծիրան»ի եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Շարժանկարի տան երդիքին տակ։ Մրցանակաբաշխման արարողութիւնը ընթացաւ հանրային կարծիքի վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, միջազգային լիաժամկէտ ֆիլմերու մրցոյթին մէջ «Հոսանքներ»ը արժանացաւ փառատօնի գլխաւոր մրցանակին՝ «Ոսկէ ծիրան»ին: Այս ժապաւէնի հեղինակն է՝ Մելակրոս Մումենթալէր։
Հարկ է նշել, որ փառատօնի շրջանակներէն ներս «Ոսկէ ծիրանի վարպետ» կոչման արժանացաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ դերասան ու բեմադրիչ Սիմոն Աբգարեան, որ այս տարուան պատուոյ հիւրն էր։ Այս տարուան «Ոսկէ ծիրան»ի շրջանակներէն ներս Փարաճանովի մրցանակին տիրացաւ՝ Լեհաստանի յայտնի բեմադրիչ ու բեմագիր Փաւէլ Փաւլիքովսքի։