ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Տոհա, ուր օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ՝ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ-Սանիի եւ վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման էլ-Սանիի հետ: Կը հաղորդուի, որ հանդիպումներու ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան՝ Անգարա-Տոհա ռազմավարական գործընկերութեան հիման վրայ: Միեւնոյն ժամանակ, արժեւորուեցան Թուրքիա-Քաթար բարձր մակարդակի ռազմավարական կոմիտէի 12-րդ ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները: 

Երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր, Ֆիտանի հանդիպումներու ընթացքին աչքէ անցըուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի ընդհանուր կացութիւնը: Կողմերը կանգ առին Կազզէի կարգավիճակին, Ծոցի իրադարձութիւններուն եւ մասնաւորապէս Հիւրմիւզի ջրանցքի կացութեան վրայ: Տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները շօշափուեցան բազմակողմանիօրէն: 

Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի հետ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2026