ՖՐԱՆՍԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՈՒԺԱՆԻՒԹԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ԳԻՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐԸ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՔՐՈՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Մաքրոնի ուղեւորութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Քուէյթը, ուրկէ ան ծրագիրը կը շարունակէ՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն եւ Քաթար։ Ան Արաբական ծոցի երկիրներու ղեկավարներուն հետ կը քննարկէ Հիւրմիւզի ջրանցքի իրավիճակը եւ անոր ազդեցութիւնը ուժանիւթակիրներու գիներուն վրայ։

Երէկ, Մաքրոն հիւրընկալուեցաւ Քուէյթի էմիր Մըշալ էս-Սապահի կողմէ։ Այս առթիւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան շարք մը համաձայնագրեր։ Այդ փաստաթուղթերէն մէկը կը նախատեսէ պաշտօնական համագործակցութիւն՝ Քուէյթի եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ։ Միւս համաձայնագրերը կը վերաբերին քաղաքացիական օդագնացութեան, արհեստական բանականութեան, կրթութեան, գիտութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան, ուղիղ ներդրումներու խթանման։

Ֆրանսայի նախագահը եւ Քուէյթի էմիրը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք զանազան ոլորտներէ ներս ամրապնդելու ուղիները։ Կողմերը շօշափեցին նաեւ համագործակցութեան ընդլայնման հարցերը՝ մասնաւորապէս տնտեսութեան, առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտներէն ներս։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026