ԿԱՐԵՒՈՐ Ե՞Ն ԸՍՈՒԱԾՆԵՐԸ…

ՄԱԿ-ի կենսաբանական բազմազանութեան համաժողովի բացման հիասքա՜նչ արարողութիւնն ու ընթացող միջոցառումները առիթ եղան ու դեռ ե՛ն, տեսնելու, թէ ինչպիսի՛ պետութիւն ենք մենք, հաստատեցին ընկերային բոլոր հարթակներու էջերուն վրայ տեղադրուած մեկնաբանութիւնները: 

Կասկած կա՞յ, բարեկամնե՛ր:

Քանի՜ ամիս է, որ մեր պետութիւնն ու հեռատես իշխանութիւնը մանրամասնօրէն կը պատրաստուի մեծ այս միջոցառումին, որ առիթ է, անկասկած, փաստելու, թէ արժանի ենք մենք դժուարաւ ձեռք ձգուած «ամերիկաշէն» թէ՛ «թրամփեան» մեր խաղաղութեան, որուն դրօշին տակ միա՛յն կարելի է աշխարհը հրաւիրել դէպի մեր երկիր եւ դառնալ «քոզմոփոլիթէն» Երեւան մը: 

Արդէն չէ՞: 

Երկար տարիներէ ի վեր Երեւան չեմ այցելած ես, բայց հոն ապրող հարազատներ ունիմ ու նաեւ շատ յաճախ քաղաքը այցելող բարեկամներ, որոնք միշտ ալ նոյնութեամբ կը վկայեն Երեւանի փողոցներով քայլողին լսած բազմապիսի՜ լեզուներուն: 

Չդժգոհի՛նք. հարստութիւն է ասիկա: 

Շուտով, ինչպէս պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ, մէկուկէս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ապրող ոեւէ օտարերկրացի քաղաքացի ալ կրնայ ըլլալ եւ այն ատեն ի՛սկապէս կրնանք վայելել բազմալեզու, բազմամշակոյթ ու ինչ խօսք՝ բազմակրօն մեր մայրաքաղաքը: 

Խաղաղութեան դրօշին տակ մեզի այցելող համաշխարհային աստղերէն ու շողշողացող մեր բեմերէն անդին, կ՚արժէ ուշադրութիւն դարձնել, թէ որքա՜ն բառացիօրէն անխաղաղ է, հարիւր տարուան խաղաղութիւն կնքելու համար ձեռքը սեղմած մեր հակառակորդին… 

Բարի կամք կը դրսեւորենք, սուսուբուս բոլոր ըսուածները պահաջքները ի գործ կը դնենք, դեռ ի՞նչ… 

Քանի մը օրինակ խաղաղութեան ճամբան հետը կիսած մեր բարեկամին յայտարարութիւններէն. 

- «Եթէ Հայաստանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառուէին մեր տարածքներու գրաւման ու հոն իրագործուած ցեղասպանութեան ու էթնիք զտումներուն համար, Ատրպէյճան ստիպուած չէր ըլլար պատերազմով կոտրել հայկական ֆաշիզմի ողնաշարը։ «Ակրեսորին» անպատժելիութիւնը միայն աւելի՛ մեծցուց անոր ամբարտաւանութիւնը»։

- «Մենք յաղթեցինք պատերազմը եւ զաւթիչները դուրս քշեցինք մեր հողերէն, բայց չուզեցինք վրէժ լուծել 30 տարուան տառապանքներուն, ցեղասպանութեան կամ մեր քաղաքներուն ու գիւղերուն աւերման համար։ Մենք մեր վրէժը պատերազմի դաշտին մէջ լուծեցինք»։

Շարունակութիւնը, աւելի՜ն կայ. 

- «Մենք չհարուածեցի՛նք արդէն ինկած մեր թշնամին։ Չիջա՛նք այն բարբարոսներուն ու մանկասպաններուն մակարդակին, որոնք այդքա՜ն տառապանք պատճառած էին մեր ժողովուրդին»։

Եւ վերջապէս՝ 

- «Անոնք, որոնք մեզ կը սպառնային, թէ թանքերով կու գան, Պաքուն կը գրաւեն ու թէյ կը խմեն հոն, այժմ մեր բանտերուն մէջ ատրպէյճանական թէյ կը խմեն, իսկ անոնց թանքերը կը ցուցադրուին Ռազմական աւարի այգիին մէջ։ Ի դէպ, մեր հիւրերը կրնան այցելել «Յաղթանակի այգին» ու «Յաղթանակի թանգարանը» լիովին հասկնալու համար հողերու գրաւման բնոյթն ու էութիւնը եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդին պատմական յաղթանակը»… 

Ո՞ւր է խաղաղութիւնը այս խօսքերուն մէջ, բարեկամնե՛ր: 

Ես յոռետես մարդ եմ, դուք՝ լաւատես խաղաղամէտնե՛ր, բացատրեցէք խնդրեմ: 

«Մանկասպաններ», «բարբարոսներ», «հայկական ֆաշիզմ», «ակրեսոր», «ամբարտաւանութիւն», «ցեղասպանութիւն»… միայն վրէժխնդրութեամբ ու ատելութեամբ առլի այս բառերն ու եզրերը ի՞նչ կապ ունին մեզի խոստացուած, ամպիոնին վրայ պաշտպանուած ու մեր երազած խաղաղութեան հետ․․․

Ո՛չ մէկ՝ իհարկէ: 

Մեր այսքան գլխիկո՛ր ու յանձնուած իրականութեան դիմաց՝ այսքան ատելութի՞ւն… 

Հապա եթէ իրօք գլուխ բարձրացնէիք ու բաներ մը պատասխանէինք, մեր իշխանութեան ամօթալի արդարացումներուն փոխարէն. չյիշուող Արարատին, ամէն տեղ բարձրացող Արագածին, նոր անցագիրին, նուաստացող եկեղեցիին ու եկեղեցականներուն, իրար ատող, անհանդուժողական, պառակտուած մեր ժողովուրդին… բայց՝ միջազգայի՜ն մեծ յաջողութիւններուն ու երկինքին մէջ պսպղացող մեր «տրոններուն» փոխարէն…

Ինչքան ատեն, որ յայտարարուածին պէս՝ «խաղաղ» են մեր սահմանները ու հայ զինուորներ չեն սպաննուիր հոն, հոգ չէ՛, ուրեմն… կարեւոր ե՞ն ըսուածները: 

Որպէս վերջաբան. 

«Հայաստանի երեք նախկին նախագահներն ու անոնց յանցակիցները, որոնք ռազմական յանցագործներ ու մանկասպաններ են, դեռ եւս իրենց արժանի պատիժը չեն ստացած։ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը 2018 թուականէն իր նախորդներուն յանցաւոր քաղաքականութիւնը կը շարունակէ»։

Զարմանալի՜. 

Մեր իշխանութեան, այսքան «նախկինները» բնովելուն, զանոնք ամէն յանցանք շալկելիք կախիչ համարելուն հանդերձ, տեսէք թէ ին՛չ կ՚ըսէ մեր խաղաղութեան բարեկամը: 

Հայաստանի նախկին ո՛եւէ վարչակարգ կամ ղեկավարի կողմը բռնելու ու զայն գովելու միտում չունիմ. իրատես եմ, չեմ կրնար չըլլալ, բայց չե՛մ յիշեր, որ նախկին ո՛եւէ ղեկավարի օրով ա՛յսքան նուաստացած ըլլար Հայաստանը: 

Ալիեւի հայատեաց այս արտայայտութիւնները, «տուն դառնալու» միտումները, սպառնալիքները պիտի շարունակուին, կասկած չունի՛մ. իսկ մե՞նք: 

COP-ը կ՚աւարտի շուտով ու Ամանորի մեր փայլո՜ւն լոյսերը կը կախենք մենք… 

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026