ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երեւանի մէջ կ՚ընթանայ՝ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու 17-րդ համաժողովը (COP-17): Այս համաժողովի շրջանակներէն ներս բազմակողմանի աշխատանք կը տարուի՝ համաշխարհային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն շուրջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան յայտարարեց, որ կրթութեան, պարենային անվտանգութեան եւ կենսաբազմազանութեան օրակարգերու կապերու ամրապնդումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «COP-17»ի շրջանակներէն ներս, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Կրթութեան ազգային համակարգերու դերը պարենային անվտանգութեան խթանման եւ կենսաբազմազանութեան համաշխարհային շրջանակի իրականացման գործին մէջ» խորագրեալ բարձրաստիճան քննարկումը: Ասուլիսի ընթացքին փոխ-նախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան ընդգծեց միջազգային համագործակցութեան եւ բազմակողմանի դիւանագիտութեան կարեւոր դերը՝ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան, պարենային անվտանգութեան, կրթութեան եւ կայուն զարգացման փոխկապակցուած օրակարգերու յառաջ մղման գործին մէջ: Այս ամբողջէն ներս ան կարեւորեց միջազգային զանազան գործընթացներու եւ ոլորտային օրակարգերու միջեւ կապերու ամրապնդումը, համահունչ մօտեցումներու ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային յանձնառութիւններու իրականացման ուղղեալ համատեղ ջանքերու խթանումը: