ՀԱՄԱՏԵՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին համոզուած են, թէ հաւանական հիւլէական պատերազմի մը յաղթողը երբեք պիտի չըլլայ, ուստի, այդպիսի պատերազմ մը երբեք պէտք չէ ծագի։ Միջազգային հաւաքականութիւնը պէտք է ի գործ դնէ իր բոլոր հնարաւորութիւնները, որպէսզի աշխարհի վրայ հիւլէական պատերազմ մը չապրուի։ 

Երէկ, Չինաստանի Շենժէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ուաշինկթըն-Փեքին-Մոսկուա առանցքին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած գագաթաժողովը։ Այսպէս, Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ Տանըլտ Թրամփի, Շի Ծինփինկի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը, որ տեւեց մէկուկէս ժամ։ Չինաստանի Շենժէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ գագաթաժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը, Իրանի տագնապը եւ Հիւրմիւզի ջրանցքի վերաբերեալ իրադարձութիւնները։ Երեք ղեկավարները հանդիպումէն վերջ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը, որու ընթացքին ընդգծեցին իրենց հասարակաց պատասխանատուութիւնները՝ մասնաւորապէս հիւլէական զէնքերու կանխման տեսակէտէ։ Համաշխարհային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ խնդիրները ընդգծուեցան երեք ղեկավարներուն կողմէ։ 

Տանըլտ Թրամփի, Շի Ծինփինկի եւ Վլատիմիր Փութինի համատեղ հռչակագրի առաջին կէտին մէջ նշուած է, որ Ռուսաստան, Չինաստան եւ ԱՄՆ յայտնած են ՄԱԿ-ի բարեփոխման ուղղութեամբ իրենց յանձնառութեան մասին, որպէսզի կազմակերպութիւնը կարողանայ աւելի արդիւնաւէտ արձագանգել համաշխարհային մարտահրաւէրներուն եւ համապատասխանել միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան ապահովման իր հիմնարար առաքելութեան։ 

Երկրորդ կէտին մէջ նշուած է, որ այս երեք երկիրները մտադիր են մեծացնել նաւթավերամշակման արտադրանքի արտադրութիւնն ու մատակարարումները՝ ի շահ բոլոր երկիրներուն։ 

Հռչակագրի երրորդ կէտին մէջ առաջնորդները ընդգծած են, որ պետութիւններու համաձայնութեան սկզբունքը եւ պետական պաշտօնեաներու անձեռնմխելիութեան պահպանումը հիմնարար նշանակութիւն ունին։ «Միջազգային քրէական ատեանը եւ նմանատիպ այլ կառոյցները պէտք չէ չարաշահեն իրենց լիազօրութիւնները», նշուած է փաստաթուղթին մէջ։

Հռչակագրի չորրորդ կէտին մէջ նշուած է, որ Տանըլտ Թրամփ, Շի Ծինփինկ եւ Վլատիմիր Փութին վերահաստատած են, որ հաւանական հիւլէական պատերազմի մը մէջ յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ եւ այդ մէկը երբեք պէտք չէ սանձազերծուի։ Երեք երկիրները երկխօսութիւն պիտի վարեն միջուկային ռիսքերու նուազեցման եւ միջուկային զէնքի տարածումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Շենժէնի գագաթաժողովի սկիզբին Շի Ծինփինկ կոչ ուղղած էր, որպէսզի առհասարակ արգիլւին միջազգային զէնքերը։ Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, որ ԱՄՆ թոյլ պիտի չտայ, որպէսզի Իրան միջուկային զէնք ձեռք բերէ։ Համատեղ յայտարարութիւնը չէ ներառած Ուքրայնայի հարցը։

Միջազգային աղբիւրները, որոնք անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցան երեք ղեկավարներու ժամադրութեան, կը հաղորդեն, որ Շենժէնի գագաթաժողովէն շօշափելի արդիւնք մը դուրս չէ եկած։ Արդարեւ, գագաթաժողովին մասնակից իւրաքանչիւր ղեկավար ունեցած է իր օրակարգը, սեփական առաջնահերթութիւնը, ինչ որ խոչընդոտած է զարգացումի մը արձանագրուիլը։ Մինչ այդ, Եւրոպայէն ալ վերապահ ձայներ կը բարձրանան Շենժէնի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2026