ՄԵԼՈՆԻ-ՄՈՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հնդկաստան եւ Իտալիա կ՚ընթանան՝ իրենց յարաբերութիւնները յատուկ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնելու ճանապարհով։

Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի վերջերս այցելեց Հռոմ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իտալիոյ ղեկավարութեան կողմէ։ Ան տեսակցեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնիի եւ Հանրապետութեան նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայի հետ։ 

Մոտի Մելոնիի հետ վարած բանակցութիւնները որակեց գերազանց։ Հռոմ-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ խորացած բարեկամութեան կապակցութեամբ Մոտի գնահատեց Մելոնիի յանձնառութիւնը։

Հռոմի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան առեւտուրի, պաշտպանական համագործակցութեան, թեքնոբանութեան, տիեզերական ծրագրերու, ծովային անվտանգութեան եւ Հնդկաստան-Մերձաւոր Արեւելք-Եւրոպա տնտեսական միջանցքի զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

Երկու երկիրները որդեգրած են՝ 2029 թուականին իրենց առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալը 20 միլիառ եւրոյի մակարդակին հասցնելու մասին։

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2026