ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՐԱՄՓ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու նախագահները անդրադարձան Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու ընթացքին, նաեւ կանգ առին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով խնդիրներու վրայ:
Էրտողան-Թրամփ զրոյցի ընթացքին՝ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Իրանի պատերազմը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց հրադադարի երկարաձգումը եւ յոյս յայտնեց, թէ տարակարծութեան առարկայ նիւթերու շուրջ լուծում մը գտնել հնարաւոր պիտի ըլլայ: Էրտողան ընդգծեց, որ թրքական կողմը պիտի շարունակէ խրախուսել դրական նախաձեռնութիւնները:
Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփն ալ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Էրտողանի հետ շատ արդիւնաւէտ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է: «Շատ լաւ յարաբերութիւն մը ունինք: Թէեւ ինք բարդ անձնաւորութիւն մըն է, սակայն, իր հետ ունիմ յարաբերութիւն մը, զոր ոեւէ մէկը չունի», նշեց Թրամփ:
Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Սուրիայէ ներս կայունութեան մթնոլորտի ամրապնդումը տարածաշրջանէ ներս բոլորին տեսակէտէ ձեռքբերում մը կը համարուի: Ըստ իրեն՝ Թուրքիա անխափան պիտի տեւականացնէ իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ ղեկավարութեան ի նպաստ: Բաց աստի, Էրտողան համուզուած է, թէ Լիբանանէ ներս կացութեան վատթարացումը պէտք է կանխուի:
Էրտողան Թրամփի հետ զրուցելու ընթացքին յիշեցուց, որ Անգարայի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներն ալ կը շարունակուին: Թրքական կողմէ առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրէ, որպէսզի այդ գագաթաժողովը ամէն տեսակէտէ յաջողութեամբ պսակուի: