«ԵԱՐ ԻՄ ԱՂՋԻԿ» ԱԼՊՈՄԸ
Թրքագէտ, յօրինող, ձեռնադաշնակահար եւ երաժշտական մշակոյթի հետազօտող փրոֆ. Հալուք Հարուն Տուման վերջերս թողարկած է ալպոմ մը, որ կը կոչուի՝ «Եար իմ աղջիկ»։ Հեղինակը նշած է, որ այս նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է՝ յարգանք մատուցելու համար հայկական երաժշտական մշակոյթին։
Ալպոմի թողարկման առթիւ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Անատոլուէ ներս դարեր շարունակ միասնաբար ձեւաւորուած է բազմամշակոյթ երաժշտական ժառանգութիւն մը եւ այս ալպոմը կը նախատեսէ այդ ժառանգութիւնը կենսունակ պահել։ Հայկական աւանդական մեղեդիները եւ այլ ուրոյն մեղեդիներ համատեղուած են ալպոմին մէջ։ Սա միայն կատարումներու կամ մեկնաբանութիւններու ալպոմ մը չէ, այլեւ մշակութային ծրագիր մըն է, որ կը ձգտի համատեղ մշակութային յիշողութեան նպաստ բերել։
Ալպոմին մէջ տեղ գտած է քսանհինգ գործ. տասնհինգը փրոֆ. Տումանի կողմէ յօրինուած։ Հայկական երաժշտական աւանդութիւնը, Անատոլուի համատեղ մշակութային պաշարը եւ պատմական յիշողութիւնը այս գործին համար ներշնչանքի աղբիւր եղած են։ Ալպոմի վերամշակումներուն մէջ պահպանուած է աւանդական մեղեդիներու դիմագիծը, ձայնագրութեան արդի թեքնոբանութեան եւ գեղագիտական հասկացութեամբ՝ նոր մեկնաբանութեամբ մատուցուած են այդ գործերը։ Հիմնական նպատակներէն մին է՝ անցեալէն հասած մեղեդիները մերօրեայ ունկնդիրներուն եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու ժամանակ հաւատարիմ մնալ անոնց ուրոյն ինքնութեան եւ խնայել մշակութային արժէքի նկատմամբ յարգանքը։
«Երաժշտութիւնը զանազան հաւաքականութիւններու միջեւ ստեղծուած ամենաամուր համամարդկային, հասարակաց լեզուն է։ Համոզուած եմ, թէ մեր այս աշխատանքին մէջ տեղ գտած մեղեդիները պիտի նպաստեն մշակութային դիւանագիտութեան։ Երգերուն միջոցաւ մեր հասարակաց յիշողութիւնը պիտի ամրապնդենք եւ յաջորդ սերունդներուն պիտի փոխանցենք», ըսաւ փրոֆ. Տուման, որ ցայսօր զանազան մշակոյթներու երաժշտական ժառանգութեան վերաբերեալ բազմաթիւ ծրագիրներ մշակած է։