ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Երէկ, Լիզպոնի մէջ ոգեկոչուեցաւ ազգային անմոռանալի բարերար լուսահոգի Գալուստ Կիւլպէնկեան՝ մինչ նշուեցաւ նաեւ համանուն հիմնարկի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ղեկավարութեան հրաւէրով Լիզպոն այցելեց՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։ 

Նորին Սրբազնութիւնը եւ հիմնարկի ղեկավարները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին բարեյիշատակ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրիին առջեւ, որ կը գտնուի համանուն հիմնարկի կեդրոնատեղիի ընթացիկ համալիրէն ներս։ 

Այս յարգանքի տուրքին առընթեր, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մերձակայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ լուսահոգի Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ բարեյիշատակ գերդաստանի միւս անդամներուն։ Հարկ է նշել, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնատեղիի համալիրէն ներս վերանորոգուած է թանգարանը, ուր կը գտնուի հնութիւններու ճոխ հաւաքածոյ մը, որ մեծ համբաւ կը վայելէ աշխարհի մէջ։ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան շրջայց մը կատարեց վերանորոգեալ թանգարանէն ներս։

Նորին Սրբազանութիւնը խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։ 

Երէկուան ոգեկոչման արարողութիւններուն ընդառաջ, շաբաթավերջին, հիմնարկի հիմնադրութեան 70-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ փառաշուք համերգ մը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնական համալիրի համերգասրահի երդիքին տակ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով ներկաներ։

Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ լուսահոգի ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործունէութեան։ Ան պատգամին մէջ բաղդատեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթական ժառանգութիւնն ու Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքը եւ ծառայութիւնը։ «Աստուծոյ առջեւ կը ներկայանանք ո՛չ միայն մեր յաջողութիւններով կամ ուժով, այլ մեր սրտերուն ճշմարտութեամբ՝ գոհութեամբ եւ տխրութեամբ, յոյսով եւ տկարութեամբ եւ երբ այս բոլորը կը մատուցուին Աստուծոյ, ապա արդէն աղօթքի կը վերածուին», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը։ 

Պատգամին տեւողութեան Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան բացատրեց, որ Ս. Գրիգոր Նարեկացին կը սորվեցնէ, թէ իսկական հաւատքը չի՛ խուսափիր տառապանքէ կամ մարդկային տկարութենէ, այլ զանոնք կը բերէ Աստուծոյ լոյսին տակ։ Այս մեկնակէտով ան հոգելոյս Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակը ներկայացուց՝ որպէս կեանքի մը վկայութիւն, ուր շնորհները եւ կարելիութիւնները վերածուած են ծառայութեան եւ բարիքի։ Անդրադառնալով մեծ բարերարի կեանքին՝ Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ. «Ան եւս հայ ժողովուրդի զաւակ մըն էր եւ իրեն տրուած շնորհները՝ միտքը, հեռատեսութիւնը, ազդեցութիւնը եւ նիւթական կարողութիւնը չընկալեց միայն որպէս անձնական առանձնաշնորհում, այլ համարեց միջոց աւելի մեծ բարիքի ծառայելու համար։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հասկցած էր, որ տաղանդը պատասխանատուութիւն կը բերէ, հարստութիւնը հոգատարութիւն կ՚ապահովէ եւ տեսիլքը լաւագոյնս կը դրսեւորուի ծառայութեան մէջ»։ 

Քարոզի վերջաւորութեան Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան ընդգծեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի եւ լուսահոգի Գալուստ Կիւլպէնկեանի հոգեւոր ընդհանրութիւնը, որ կը բացատրուի վկայութիւններու բաղդատմամբ։ «Նարեկացին Աստուծոյ մատոյց իր սրտին հառաչանքները աղօթքի մեջ, իսկ Կիւլպէնկեան կեանքին պտուղները մատոյց ծառայութեան մէջ: Այս երկու տարբեր վկայութիւնները միասնաբար կը յիշեցնեն, թէ կեանքը իսկապէս մեծ կը դառնայ, երբ չփակուի իր ունեցածին մէջ, այլ եթէ ընծայ դառնայ՝ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն համար», նշեց ան։ 

Հուսկ, Նորին Սրբազնութիւնը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց՝ լուսահոգի Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ Կիւլպէնկեան բարիայիշատակ գերդաստանի բոլոր հանգուցեալ անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ։ 

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն ներս ոգեկոչման եւ յոբելեանին առթիւ կազմակերպուեցաւ նաեւ ճաշկերոյթ մը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2026