ԵՐԵՒԱՆ ՇԱՏ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան շատ անհանգստացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ իրադրութեան հետեւանքով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ երէկ, Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ այն դիտարկման, թէ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՚արծես տնտեսական պատերազմ յայտարարած է Իրանի դէմ։ Թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել այս վիճակը Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն վրայ։ Ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ.
«ԱՄՆ-ի եւ Իրանի հետ կապուած իրադրութեամբ, բնականաբար, մենք շատ անհանգստացած ենք»։ Վարչապետը աւելցուց, որ այս նիւթին շուրջ Երեւան սերտօրէն կ՚աշխատի Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի հետ։ «Մեր ցանկութիւնն է, որ այս իրադրութիւնը հնարաուորուինս շուտ լուծուի», եզրափակեց վարչապետը։