ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն յառաջատար դէմքեր։ Սա բարոյական զօրակցութեան հաւաքոյթ մըն էր՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանին համար։ Արդարեւ, ան վերջին շրջանին իրերայաջորդ կորսնցուց իր ծնողքը եւ սուգի ծանր պահուն համայնքային շրջանակները փութացին զինքը գօտեպնդելու, մխիթարելու։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հիւրընկալմամբ տեղի ունեցաւ բարոյական զօրակցութեան այս հաւաքոյթը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի ներկայացուցչութեան՝ թրքահայ համայնքի գործիչներէն բաղկացեալ կամաւորներու յանձնախումբին կողմէ։

Նաիրի Պետրոսեան հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերաւ՝ ընկերակցութեամբ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեանի։ Ներկայ էին համայնքային հաստատութիւններու վարչական խորհուրդներու ատենապետներ, Հայաստանի ներկայացուցչութեան բարեկամներ, հասարակական գործիչներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ դէմքեր, մամլոյ սպասաւորներ, ինչպէս նաեւ կամաւորներու կարգադիր յանձնախումբի անդամները։ Ի լրումն այս բոլորին, հաւաքոյթը պատուեց նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութիւններու խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր Նաիրի Պետրոսեանին վշտակցելու փութացած էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն շարք մը ներկայացուցիչներ. օրինակ՝ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւագ քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն աւագ քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Զաքար աւագ քհնյ. Քոփարեան։

Դժբախտաբար, առողջական անակնկալ պատճառով մը՝ հաւաքոյթէն ակամայ բացակայեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Հոգաբարձութիւնը ներկայացուց ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք։

Առաջին փուլին, Սուրբ Փրկիչ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական ժամերգութիւն, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուց Նաիրի Պետրոսեանի բարեյիշատակ ծնողաց՝ հոգելոյս դասախօս Ռուբէն Պետրոսեանի եւ լուսահոգի բժշկուհի Վանուհի Սեդրակեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, բոլոր ներկաները համախմբուեցան «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ, ուր սարքուեցաւ հոգեճաշ մը։ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ օրհնուեցաւ սեղանը՝ մինչ յանուն կարգադիր յանձնախումբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Նուարդ Աւետիքօղլու։ Ապա արտայայտուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ կը համակարգէ Հայաստանի ներկայացուցչութեան կամաւորներու յանձնախումբին գործունէութիւնը։ Արա Գօչունեան յայտնեց, որ Նաիրի Պետրոսեան մեր համայնքի հարազատը դարձած է՝ պաշտօնավարելով քաղաքիս մէջ։ Ան կը մարմնաւորէ պատկառելի կերպար մը, ինչ որ վստահութիւն կը ներշնչէ, թէ պիտի կարողանայ յաղթահարել սուգի ծանր փորձառութիւնը։

Ընթրիքի եզրափակիչ փուլին սրտի խօսք մը արտասանեց Նաիրի Պետրոսեան, որ սոյն բարոյական զօրակցութեան հաւաքոյթի կազմակերպման համար շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ Արա Գօչունեանին եւ գործակից ընկերներուն։ Նաիրի Պետրոսեան դիտել տուաւ, որ ինք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է, Իսթանպուլի մէջ կը պաշտօնավարէ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ, յամենայնդէպս, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակ է եւ այդ հանգամանքով համայնքը ինքզինքին կը զգայ հարազատ։

Հոգեճաշի հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ իսկապէս դիպուկ արտայայտուեցաւ։ Ան դիտել տուաւ, որ մարդ արարածի ամենահզօր եւ որոշիչ զգացումներն են՝ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։ Ըստ էութեան, մարդ այդ երկու զգացումները առանձինն պէտք չէ դիմագրաւէ։ Արդարեւ, ուրախութիւնը պէտք է բաժնել, որովհետեւ այդպէսով կը բազմապատկուի։ Տխրութիւնն ալ առանձին պէտք չէ դիմագրաւել, որովհետեւ այդ մէկն ալ պէտք է բաժնել, որպէսզի մեղմանայ։ «Մենք ալ այսօր համախմբուած ենք, որպէսզի թեթեւցնենք սիրելի պրն. Նաիրի Պետրոսեանի ցաւը», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ խօսքն ուղղելով հայրենի բարձրաստիճան դիւանագէտին։ Ան ողբացեալք Ռուբէն Պետրոսեանի եւ Վանուհի Սեդրակեանի յիշատակը օրհնեց՝ յայտնելով, որ հոգ չէ, թէ հանգուցեալները ըլլային անծանօթ՝ քանի իրենց հասցուցած որդին՝ Նաիրի Պետրոսեան կը համարուի անոնց պատկերը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը մաղթեց հանգուցեալներու հարազատներուն եւ շառաւիղներուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2026