Ուրբաթ 23, Հոկտեմբեր 2026
ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՊՐԻՒՔՍԷԼ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Պրիւքսէլ, ուր յառաջիկայ նոյեմբերի 3-ին պիտի մասնակցի՝ Եւրոմիութեան ընդլայնման ձօնուած գագաթաժողովին: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան այս գագաթաժողովին պիտի մասնակցի՝ որպէս հրաւիրեալ բանախօս:
Սոյն գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, քաղաքական առաջնորդները, ինչպէս նաեւ փորձագէտներն ու պաշտօնեաները պիտի քննարկեն Եւրոմիութեան ընդլայնամ հեռանկարները, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ ռազմավարական ինքնավարութեան, տնտեսական հնարաւորութիւններուն ու մրցունակութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան եւ բարեփոխումներուն վերաբերեալ հարցեր:
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026