ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ, ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ
Երէկ, Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, կազմակերպուած յանցագործութիւններու, մուտքի արտօնութիւններու եւ գաղթի վերաբերեալ խնդիրներու։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Պելժիոյ արտաքին գործոց, արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարները գումարեցին ժողով մը, որ չորրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Այս ձեւաչափով արդէն տասն տարի ընդհատումէ մը վերջ տեղի ունեցաւ երէկուան նիստը՝ քանի վերջինը կազմակերպուած էր 2016 թուականին։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Չիֆթճի եւ արդարադատութեան նախարար Աքըն Կիւրլէք համատեղ բանակցութիւններ վարեցին Պելժիոյ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ։ Դիւանագիտական այս կարեւոր շփումը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի գաղթի գործընթացները, արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան վերաբերեալ հարցերը մանրամասնօրէն խոշորացոյցի տակ բերուին։ Թուրքիոյ եւ Պելժիոյ միջեւ անվտանգութեան եւ դիւանագիտական ոլորտի այս նուրբ շփումը առիթ դարձաւ, որպէսզի երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման ճանապարհին կարեւոր քայլեր առնուին։
Անվտանգութեան խնդիրներու արծարծման ամբողջին մէջ, երկու երկիրները շօշափեցին այս ոլորտէն ներս համատեղ աշխատանքի հնարաւորութիւնները։ Թուրքիոյ եւ Պելժիոյ միջեւ կարծիքի փոխանակումներ ալ տեղի ունեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հրատապ նիւթերու շուրջ։ Ի լրումն այս բոլորին, կողմերը շօշափեցին պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս համագործակցութեան հեռանկարները։
Ներքին գործոց նախարար Չիֆթճի երէկուան բանակցութիւններուն շուրջ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ։ Ըստ իրեն՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, կազմակերպուած յանցագործութիւնները, զէնքի մաքսանենգութիւնները, գաղթականներու ապօրինի շրջագայութիւնը, նոր սերունդէ յանցագործութիւններու դէմ համատեղ պայքարը, տեղեկատուութեան եւ փորձառութեան փոխանակումը սեղանի վրայ գտնուած են երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ։ Նախարարին խօսքով՝ Թուրքիա կը ձգտի իր միջազգային համագործակցութիւնը զարգացնելով հետապնդել համատեղ անվտանգութեան նպատակները։
Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան երէկ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ։