ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, այս օրերուն ընթացքի մէջ է միջազգային գիտաժողով մը, որ ձօնուած է Մխիթար Աբբահօր յիշատակին։ «Մխիթար Աբբահօր ծննդեան ժամանակաշրջանին եկեղեցական, քաղաքական եւ պատմական միջավայրը» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը տեղի կ՚ունենայ՝ աշխարհի զանազան երկիրներէ հեղինակաւոր գիտնականներու զեկուցումներով։ Ձեռնարկը ձօնուած է՝ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրին՝ Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին։ Բացի գիտաժողովէն, սոյն յոբելեանին առթիւ, Մխիթարեան միաբանութեան թանգարանին մէջ ալ բացուած է ցուցահանդէս մը, որով կը ներկայացուին աբբահօր անձնական իրերը, ձեռագիր փաստաթուղթերը եւ իր հեղինակած գիրքերը։ Այս ցուցադրութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նորովի արժեւորելու հայ մեծանուն հոգեւորականին, գիտնականին եւ մշակոյթի գործիչին կեանքն ու բազմաբեղուն ժառանգութիւնը:
Ցուցահանդէսի եւ գիտաժողովի բացումները տեղի ունեցան հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ բազմաթիւ հիւրերու ներկայութեամբ։ Գիտաժողովի բացման լիագումար նիստի ընթացքին հրապարակուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքը փոխանցեց՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։
Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ բարձր գնահատուած է Մխիթար Սեբաստացիի գիտակրթական, մշակութային վաստակը, ընդգծուած է անոր բացառիկ դերը հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան, լեզուի, պատմական յիշողութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ անդրադարձ կատարած է Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ հիմնադրուած Մխիթարեան միաբանութեան պատմական առաքելութեան՝ նշելով, որ միաբանութեան հայրերու հայագիտական, պատմագիտական, եկեղեցագիտական, քերականական եւ բառարանագիտական աշխատութիւնները նշանակալի նպաստ բերած են հայ մտքի զարգացման ու ժամանակակից գիտական մտածելակերպի ձեւաւորման։
Վեհափառ Հայրապետը ընդգծած է, որ Մխիթար Սեբաստացիի ժառանգութիւնը ո՛չ միայն անցեալի մեծարժէք վկայութիւն մըն է, այլեւ այսօր գիտութեան, կրթութեան եւ ազգային մշակոյթի պահպանման ու զարգացման միտուած նոր ջանքերու ոգեշնչման աղբիւր մը։ Մխիթար Սեբաստացիի կեանքն ու գործունէութիւնը կը վկայեն, թէ ազգային ինքնութեան պահպանումը համատեղելի է այլ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու հետ երկխօսութեան, համագործակցութեան եւ անոնց լաւագոյն ձեռքբերումներուն հաղորդակից ըլլալու հետ։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը պատգամը աւարտած է աշխարհին եւ ժողովուրդներուն խաղաղութեան մաղթանքով՝ հայցելով Աստուծոյ զօրակցութիւնը Մխիթարեան միաբանութեան եւ յաջողութիւն՝ գիտաժողովի աշխատանքներուն։
Մխիթար Սեբաստացիի ոգեկոչման համար կազմակերպուած այս ծրագրին կը մասնակցի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեան։