Ուրբաթ 24, Ապրիլ 2026
ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Փաքիստանի խնդրանքին ընդառաջ երկարաձգած է Իրանի հետ հրադադարը։ Ծանօթ է, որ ապրիլի 8-ին հաստատուած էր երկշաբաթեայ հրադադար մը, որու ժամկէտը պիտի լրանար այսօր։ Այժմ, Թրամփ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Փաքիստանի խնդրանքին ընդառաջ հրադադարը երկարաձգուի՝ մինչեւ Իրանի առաջնորդներու եւ ներկայացուցիչներու միասնական առաջարկով մը հանդէս գալը։ Միեւնոյն ժամանակ, Թրամփ նշեց, որ Իրանի նաւահանգիստներու շրջափակումը պիտի շարունակուի։
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես ողջունեց՝ հրադադարի երկարաձգման մասին ԱՄՆ-ի յայտարարութիւնը։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2026