ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Օդագնացութեան բնագաւառին մէջ, Հայաստան վերջին շրջանին համագործակցութիւնը կը խորացնէ Wizz Air ընկերութեան հետ։ Յաջորդ ամիս այս ընկերութիւնը պիտի սկսի Երեւան-Լոնտոն ուղղութեան վրայ ուղիղ թռիչքներ իրականացնել։ Երեւանէն դէպի աշխարհի բաւական բանուկ ուղղութիւնները այս ընկերութիւնը թռիլ սկսած է, միեւնոյն ժամանակ, Wizz Air-ի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներն ալ վերջին շրջանին յաճախ կ՚այցելեն Երեւան։ Մասնաւորապէս դէպի Եւրոպա թռիչքներու համար Wizz Air-ը դարձած է կարեւոր այլընտրանք մը։ Ընկերութիւնը «Զուարթնոց» օդակայանէն թռիչք հաստատած է նաեւ դէպի Պրիւքսէլ։ Քննարկումներ կը ծաւալուին, որպէսզի այս ընկերութիւնը թռիչքներ իրականացնէ դէպի Վրաստան կամ Ղազախիստան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հունգարական այս օդային ընկերութեան առեւտուրի գծով ընդհանուր տնօրէն Իան Մալին վերջերս յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս առկայ լարուածութեան համայնապատկերին վրայ Հայաստան օդագնացութեան անվտանգութեան ռիսքերու բարձրացման հիմքեր չունի։
Միւս կողմէ, Wizz Air վերջերս Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը ընդգրկեց, իր հետաքրքրական ծրագիրներէն մէկուն։ Այսպէս, «Let’s Get Lost» արշաւի առեղծուածային թռիչքի ուղղութիւնը դարձաւ Հայաստան։ «Միասնաբար կորսուելու» հետամուտ ուղեւորները օդանաւ մտած էին՝ առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր վայրէջք պիտի կատարեն։ Բոլորին համար հաճելի անակնկալ մը եղաւ՝ դիմաւորուիլ Երեւանի մէջ։ Սա իսկապէս խանդավառ նախաձեռնութիւն մըն էր։ Wizz Air-ի ուղեւորները Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան բացառիկ ջերմութեամբ։ Իրենց համար գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որ ընդգրկեց նաեւ հայկական շուրջպարեր։ Wizz Air-ի ուղեւորները ջերմ ծափահարութիւններով փոխադարձեցին արուեստագէտներու կատարումներուն՝ մինչ օդակայանին մէջ սարքուած ընդունելութեան ժամանակ ստացան նաեւ յուշանուէրներ։