ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Կովկասի հարցերով յայտնի մեկնաբան Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ Իրանի շուրջ պատերազմը կրնայ բարդացնել TRIPP ծրագիրը։ Թոմաս տը Վաալ, որ աւագ գիտաշխատողն է «Քարնեկի-Եւրոպա»ին, «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Ռուսաստան կը դիտարկէ իւրաքանչիւր պահը եւ կը փորձէ այդ մէկէն լաւագոյնը ստանալ։ Եթէ TRIPP-ը իրագործուի, ապա Ռուսաստան կը փափաքի զայն օգտագործել եւ համագործակցիլ ամերիկացիներու հետ։ Վստահ եմ անոնք կը քննարկեն այս բանը։ Եթէ խնդիրներ ըլլան, ապա Ռուսաստան կրնայ ըսել, թէ կարելի է իրեն ապաւինիլ։ Ան կրնայ ըսել, որ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունի Իրանի հետ։ Այսպէսով, Ռուսաստան կը դիտարկէ բոլոր տարբերակները»։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Թոմաս տը Վաալ դիտել տուած է, որ այժմ եկած է ծրագրի իրականացման փուլը եւ խոչընդոտները մեծաւ մասամբ յաղթահարուած են։

«Նպատակն է երկաթուղին կառուցել կամ անոր կառուցումը մեծաւ մասամբ աւարտել մինչեւ Թրամփի պաշտօնավարութեան երկրորդ ժամկէտի աւարտը՝ 2028 թուականը։ Ակնյայտ է, որ այս ուղղութեամբ կայ քաղաքական ցանկութիւն։ Դժբախտաբար, կը կարծեմ, թէ Իրանի պատերազմը կը բարդացնէ իրավիճակը։ Դժուար կ՚ըլլայ ամերիկացիները տեղակայել Իրանի սահմանի մօտակայքին՝ ուսումնասիրութիւններ կատարելու կամ աշխատանքները վերահսկելու նպատակով։ Սա պարզապէս չափազանց վտանգաւոր է, որովհետեւ տակաւին կայ Իրանի հետ հակամարտութիւն», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Թոմաս տը Վաալ մտադիր է, որ Իրանի հարեւանութեամբ առկայ հակամարտութեան հետեւանքով դժուար կ՚ըլլայ մասնաւոր ներդրումներ ապահովել TRIPP-ի համար։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026