ԹՐԱՄՓ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՖՐԱՆՍԱ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յաջորդ ամիս պիտի մասնակցի Մեծն եօթնեակի (G7) գագաթաժողովին, որ նախատեսուած է Ֆրանսայի մէջ։

Կը հաղորդուի, որ քննարկումներու օրակարգին վրայ պիտի գտնուին արհեստական բանականութեան, համաշխարհային առեւտուրի եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։ Բանակցութիւններէ վերջ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրում չէ նախատեսուած։

Ըստ ամերիկեան աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ Թրամփ առաջին հերթին կը փափաքի յառաջ քշել գործարարութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ան մասնաւորապէս մտադիր է քննարկել աջակցութիւնը ԱՄՆ-ի մէջ մշակուած արհեստական բանականութեան միջոցներու ներդրման գործին մէջ։ Բաց աստի, Թրամփ պիտի անդրադառնայ օգտակար հանածոներու մատակարարման կարեւորագոյն շղթաներու վրայ Չինաստանի ազդեցութեան նուազեցման շուրջ համաձայնագրին։ Ամերիկացի ղեկավարը առանցքային կը նկատէ նաեւ թմրանիւթերու մաքսանենգութեան եւ ապօրինի գաղթի դէմ պայքարը։ Ան կը ձգտի ամերիկեան արտահանման խթանման։

Հարկ է նշել, որ G7-ի գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքի Էվիան-լէ-Պեն քաղաքին մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2026