ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Շաբաթավերջին, Եթովպիոյ հայ համայնքը հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, որ Ատիս Ապապայի մէջ ունեցաւ զանազան շփումներ։ Եթովպիոյ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, Զարեհ Սինանեան մասնակցեցաւ եթովպահայ համայնքին տեսակէտէ շատ յատկանշական իրադարձութեան մը։ Այսպէս, Ատիս Ապապայի «Արարատ» ակումբի համալիրէն ներս ստեղծուած է թանգարանի բաժին մը։ Համայնքի պատմութեան վերաբերեալ մշտական ցուցահանդէսի մը բնոյթը ունի այս՝ առանձին բաժնի ձեւաչափով թանգարանը, որու բացումը համախմբեց բազմաթիւ հիւրեր։
Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ Եթովպիա մեկնած էր Զարեհ Սինանեան, որ թանգարանի բացման պատուոյ հիւրը եղաւ։ Այս թանգարանի բովանդակութիւնը ձեւաւորուած է՝ Վարդգէս սարկաւագ Նալպանտեանի կողմէ, որ համայնքի պատմութեան խորաթափանց կը տիրապետէ, երկար տասնամեակներէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցէ տեղւոյն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ այդ բոլորին առընթեր՝ պահած է կարեւոր արխիւ մը։
Նորաստեղծ թանգարանի խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը հատուեցաւ ծափողջոյններու ներքեւ՝ ձեռամբ Զարեհ Սինանեանի եւ Վարդգէս սարկաւագ Նալպանտեանի։
Այս բացման առթիւ, «Արարատ» ակումբի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մասնաւոր քննարկում մը, որու ատենախօսներն էին՝ Զարեհ Սինանեան, դեսպան Սահակ Սարգսեան եւ Վարդգէս սարկաւագ Նալպանտեան։
Հաւաքոյթին մասնակցեցան Ատիս Ապապայի մօտ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, Եթովպիոյ իշխանութիւններէն բարձրաստիճան դէմքեր, եթովպահայ համայնքի անդամներ եւ այլ հիւրեր։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու մասնակիցները ջերմ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ մանաւանդ ողջունելով Զարեհ Սինանեանի պատուաբեր ներկայութիւնը։
Հարկ է նշել, որ Եթովպիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հիւընկալուելու առընթեր, Ատիս Ապապայի մէջ, Զարեհ Սինանեան այցելեց նաեւ Ափրիկեան միութեան կեդրոնատեղին, ուր եւս շփումներ ունեցաւ ղեկավարութեան հետ։
Հարկ է յիշեցնել, որ եթովպահայ համայնքի պատմութեան վերաբերեալ պատրաստուած այս մշտական ցուցահանդէսի բացման ընդառաջ, նախորդ շաբաթավերջին, նոյնպէս Ատիս Ապապայի «Արարատ» ակումբի համալիրէն ներս ցուցադրուած էր՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի կողմէ միասնաբար արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։