ԽՐԱԽՈՒՍՈՂ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Զուիցերիոյ մէջ։ Ամբողջ աշխարհը ցնցած պատերազմի աւարտին վերաբերեալ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է այս մէկը։ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ հեռակայ դրութեամբ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրէն վերջ, կողմերու ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները արդէն բանակցային սեղանի գլուխ նստան։ Փաքիստանի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ, նաեւ Զուիցերիոյ հիւրընկալմամբ տեղի ունեցան բանակցութիւնները։

ԱՄՆ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս, որու ընկերակիցներու շարքին էր նախագահ Տանըլտ Թրամփի Մերձաւոր Արեւելքի գծով յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սթիվ Ուիթքոֆ։ Իրանի պատուիրակութեան գլուխն էին՝ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ խորհրդարանի նախագահ Պաղէր Ղալիպաֆ։ Երկու երկիրներն ալ բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ բազմանդամ պատուիրակութիւններով մասնակցեցան բանակցութիւններուն։ Միջնորդներէն Փաքիստանի կողմէ ներկայ էր վարչապետ Շահպազ Շերիֆ, իսկ Քաթարի կողմէ՝ արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ էլ-Սանի։ 

Երէկուան հանդիպումը եկաւ բնորոշել՝ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ նախատեսուած 60-օրեայ բանակցային գործընթացի մեկնարկը։ Կողմերը քննարկեցին յառաջիկայ շրջանին գործադրուելիք դրութիւնները։ Բանակցութիւններու աւարտին, տեղեկացուեցաւ, որ խրախուսող յառաջընթաց արձանագրուած է։ ԱՄՆ եւ Իրան քննարկումներ ծաւալած են շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ 

Բանակցութիւններու աւարտին Իրանի ներկայացուցիչները ձեռնպահ մնացին նկարահանումներու մասնակցելէ։ Յամենայնդէպս, լաւ լուրեր կան նաեւ՝ Լիբանանէ ներս Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, երէկուան այս կարեւոր բանակցութիւններուն ընդառաջ, տարածաշրջանի իրադրութիւնը արժեւորուեցաւ Թուրքիա-Եգիպտոս-Փաքիստան-Սէուտական Արաբիա առանցքին վրայ։ Այսպէս, Գահիրէի մէջ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մէկտեղուեցաւ՝ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետր Ապտուլլաթիի, Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհաք Տարի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆերհանի հետ։ Քննարկումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Ափրիկէի եւ արաբական գործերու գծով աւագ խորհրդական Մեսհետ Պուլոս։

Այս հանդիպման աւարտին պաշտօնական հրապարակում մը չկատարուեցաւ։ Յամենայնդէպս, Անգարա-Գահիրէ-Իսլամապատ-Ռիատ առանցքին վրայ ընդհանուր արժեւորումը զուգադիպեցաւ Զուիցերիոյ երէկուան բանակցութիւններու ճիշդ նախօրեակին։ Այս չորս երկիրները՝ որպէս տարածաշրջանային յառաջատար դերակատարներ, շօշափեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւններու հեռանկարներն ու համապատասխան դիրքաւորման դրութիւնները։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2026