«ԻՄՍ» ՈՒ «ՔՈՒԿԻՆԴ»

Պատկերացուցէք, որ 1933 թուականին, երբ Գերմանիոյ մէջ նացիները իշխանութեան գլուխ եկան, խորհրդարականութիւնը, կուսակցութիւնները եւ ազատ մամուլը արգիլուէին ո՛չ թէ մի քանի ամսուայ ընթացքին (իրականութեան մէջ գործընթացը տեւած է յունուարէն մինչեւ հոկտեմբեր), այլ սա տեւէր 2-3 տարի: Եւ ազատականները, սոցիալ-դեմոկրատները եւ համայնավարները, փոխանակ պայքարէին նացիզմի ամբողջատիրութեան դէմ, իրարու միս ուտէին՝ «վայ դուն այն ժամանակ» մղումներով:

Անձամբ ես նման բան չեմ կրնար հեշտութեամբ պատկերացնել որեւէ երկրի պարագային, մանաւանդ՝ Հայաստանի: Եթէ ընդդիմադիր ուժերէն որեւէ մէկուն համար դեռ պարզ չէ, թէ ի՞նչ վարչակարգ հաստատուած է մեր երկրին մէջ եւ ինչպէ՞ս ան Փաշինեանի ղեկավարութեամբ պիտի զարգանայ, ես ուղղակի կ՚առաջարկեմ աւելի լայն բանալ աչքերը: ՔՊ-ական («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն, որ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ունի մեծամասնութիւն) բեմագրութեամբ, Հայաստանի մէջ փաստացի պիտի մնայ միայն ՔՊ-ն (գուցէ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան հետ միասին): Մօտակայ ամիսներուն Փաշինեան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի դադարի որեւէ ընդդիմադիր գործունէութիւն, «կը կարուին» հարիւրաւոր նոր «քրէական» գործեր, կ՚ըլլան նոր ձերբակալութիւններ: Իսկ մօտակայ տարիներուն Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը դառնայ ՔՊ-ի բաժանմունք: Բայց, որքան ալ տարօրինակ հնչէ, սա ամենասարսափելին չէ: Փաշինեան ո՛չ միայն պիտի փոխէ սահմանադրութիւնը Ալիեւի պահանջով, այլեւ պիտի յանձնէ Տիգրանաշէնը (իբր ինչ-որ բան ինչ-որ բանի հետ կը փոխուի)՝ փաստացի հնարաւորութիւն տալով ատրպէճանցիներուն որեւէ պահ փակել Հայաստանի հարաւը հիւսիսի հետ կապող ռազմավարական ճանապարհը:

Այս պայմաններուն մէջ որոշ ընդդիմադիրներ կը շարունակեն իրարու վրայ ցեխ շպրտել՝ իրենց լրատուամիջոցներով ու անձամբ՝ կամայ թէ ակամայ կրկնելով պաշտօնական քարոզչութեան թեզերը: Այս պահուն բացարձակապէս ժամանակը չէ պարզելու, թէ ո՞վ է «ներկայ», ո՞վ է «նախկին», ո՞վ «թալանած» է, ո՞վ «չէ թալանած», ո՞վ «եւրոպամէտ» է, ո՞վ «ռուսամէտ» է: Եթէ ընդդիմադիրները իսկապէս կը փափաքին պատասխանատուութիւն կրել պետութեան համար, այլ խօսքով՝ կասեցնել աղէտալի ընթացքը, ապա այդ բոլորին մասին պէտք է ժամանակաւորապէս մոռնալ:

Հիմնական ընդդիմադիր ուժերու ղեկավարները պէտք է հանդիպին եւ ռազմավարութիւն մշակեն, ինչ որ կը բացառէ փոխադարձ յարձակումները: 

Քաղաքականութիւնը կ՚ենթադրէ բանակցութիւններ եւ պայմանաւորուածութիւններ նոյնիսկ այն մարդոց միջեւ, որոնք զիրար քաղաքական կամ անձնական առումով չեն հաւնիր: Մասնաւորապէս, բոլոր քաղաքական բանտարկեալները պէտք է պաշտպանութեան տակ առնուին բոլոր ընդդիմադիրներուն կողմէ: Այստեղ «իմս» ու «քուկինդ» պիտի չըլլայ: 

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ 
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026