ՄԵՂԵԴԻՆԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ

Երեւանի մէջ, վերջերս բացառիկ համերգով մը հանդէս եկաւ՝ աշխարհահռչակ շեփորահար Իպրահիմ Մալուֆ: «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնի օրերուն, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս երաժշտահանդէսը, որու մասնակցիները անբացատրելի ապրումներ ունեցան: 

Շեփորահար Իպրահիմ Մալուֆ բառին բուն իմաստով պայթեցուց Երեւանի բեմը: Իր անսահման ուժանիւթով եւ ինքնատիպ երաժշտութեամբ ան յաջողեցաւ անմիջապէս գրաւել բոլորին սիրտը: Երաժշտասէրները զինքը ունկնդրեցին՝ իրենց շունչերը պահած: Բոլորը համակարծիք էին, թէ Իպրահիմ Մալուֆի մեղեդիները կը հասնին հոգիներուն: 

Երաժշտական աշխարհէն ներս Իպրահիմ Մալուֆ կը համարուի բացառիկ երեւոյթ: Միջազգային մամուլը զինքը կ՚որակէ՝ վիրթիէօզ: 

Հարկ է նշել, որ Երեւանի կեցութեան օրերուն Իպրահիմ Մալուֆ այցելեց «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2026