ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ընդունեց Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Ուաշինկթըն։ Նախօրէին, նախագահ Աուն ընդունուած էր նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ։
Ժոզէֆ Աունի Ուաշինկթընի շփումներուն ընթացքին, ըստ էութեան, կը քննարկուին Լիբանան-ԱՄՆ-Իսրայէլ առանցքին վրայ ձեռք բերուած շրջանակային համաձայնագրի կեանքի կոչման վերաբերեալ հարցերը։ Առկայ բարդութիւնները կը վերաբերին Իսրայէլի բանակի Լիբանանի տարածքներէն դուրս գալուն եւ Լիբանանի տեսակէտէ գոհացուցիչ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման։ Կիզակէտային խնդիրներէն մին է «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումը, որու զուգահեռ ամբողջ Լիբանանի մէջ պիտի վերահաստատուի երկրի բանակը, ինչ որ ինքնաբերաբար կ՚ենթադրէ պետական ինքնիշխանութեան տարածումը։
Թրամփ եւ Աուն երէկ Սպիտակ տան մէջ հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Այս փուլին Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ ինք կրնայ զրուցել «Հիզպուլլահ»ի ղեկավարներուն հետ, եթէ Ժոզէֆ Աուն այդպիսի խնդրանք մը ներկայացնէ իրեն։ «Ես կը խօսէի «Հիզպուլլահ»ի հետ: Ես կը խօսիմ բոլորին հետ: Ես կը խօսիմ անոնց հետ, որոնց հետ շատերու կարծիքով պէտք չէ խօսիմ», ըսաւ ամերիկացի ղեկավարը։
Աուն եղաւ՝ 2009 թուականէն ի վեր Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալուած առաջին Լիբանանի նախագահը։