ՇՐՋԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՓՈՒԼ
Երէկ, Պերլինի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուեցաւ՝ ռազմավարական համագործակցութեան օրակարգի հռչակագիր մը: Այսպիսով, Գերմանիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ շեշտուեցաւ՝ յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը: Միեւնոյն ժամանակ, երկու երկիրները համաձայնեցան՝ գործարար խորհուրդ մը ստեղծելու ուղղութեամբ:
Պերլինի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Օրուան տեւողութեամբ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէր եւ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց հիւրընկալեցին Ատրպէյճանի ղեկավարը։ Մերց եւ Ալիեւ սարքեցին նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։
Կը հաղորդուի, որ Մերց ընդգծած է, թէ Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձած է: Իր համոզմամբ՝ տարածաշրջանի նշանակութիւնը կ՚աճի: «Գերմանիա կը փափաքի շարունակել ուժանիւթի մատակարարումներու զանազանեցումը՝ Ատրպէյճանի հաշւոյն», ըսաւ Մերց:
Իր կարգին, Ալիեւն ալ նշեց, որ Ատրպէյճան-Գերմանիա համագործակցութիւնը կ՚ընդլայնուի՝ ուժանիւթի, փոխադրութիւններու, ներդրումներու ոլորտներէն ներս։ «Ատրպէյճանի նաւթամթերքի մատակարարումները կարեւոր ներդրում մը կը համարուին Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէն», յայտարարեց ան Պերլինի մէջ: