ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՏՊԱԳՐԻՉՆԵՐԸ
Երեւանի Մատենադարանին մէջ, յառաջիկայ ամսուան սկիզբը տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական աշխատաժողով մը, որուն զուգահեռ նախատեսուած է նաեւ ցուցահանդէս մը: «Կոստանդնուպոլսոյ հայ տպագրիչները» խորագրեալ այս նախաձեռնութիւնը կեանքի պիտի կոչուի՝ 7-8-ը օգոստոսին։ Մատենադարանի համալիրէն ներս, երկօրեայ աշխատաժողովի գծով զեկուցումներով հանդէս պիտի գան՝ Մուրատ Ճանքարա (Անգարայի համալսարանի քաղաքագիտութեան ֆաքիւլթէ), Օնուր Եազըճըկիլ («Սապանճը» համալսարան), Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեան (Օքսֆորտի համալսարան), ինչպէս նաեւ Պոռնա Իզատփանահ, Էրին Փինոն եւ Էլենա Փափասիսա։ Այս բոլոր գիտնականները նիւթը պիտի մատուցեն զանազան տեսանկիւններէ, ինչ որ պատմութեան զանազան երեսակներու համար նոր բացայայտումներու հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ։ Պոլսոյ մէջ հայ տպագրիչներու կողմէ կատարուած արտադրութիւնը բացարձակ մեծ նշանակութիւն ունի՝ ո՛չ միայն գործունէութեան ծաւալի, այլեւ տուեալ աշխարհագրութեան մէջ հայոց կողմէ մտաւորական կեանքին բերուած նպաստի բիւրեղացման տեսակէտէ։
Մատենադարանէն ներս ծրագրուած ցուցահանդէսը այս նիւթին վրայ լոյս պիտի սփռէ՝ ճոխ, տեսողական առարկաներով։