ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն աւարտեց իր շրջագայութիւնը՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Առաջին հերթին Քուէյթ այցելելէ վերջ, Մաքրոն իրերայաջորդ այցելեց՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն եւ Քաթար։ Հուսկ, թէեւ ուղեւորութեան ծրագրին վրայ չէր նախատեսուած, սակայն, նախագահ Մաքրոն անակնկալօրէն այցելեց նաեւ Սէուտական Արաբիա։
Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն՝ Մաքրոն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի մէջ համաձայնութիւն կնքեց՝ ֆրանսական շուկային համար տիզելային վառելանիւթ ապահովելու ուղղութեամբ։ Այսպէս, ամենամսեայ մատակարարումներու շուրջ համաձայնութիւններ կնքած է ֆրանսացի ղեկավարը։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի պարագային 200 հազար թոն տիզելային վառելիք մատակարարելու կը վերաբերի խօսքը։
Էլիզէի պալատի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այդ տիզելային վառելանիւթը պիտի օգտագործուի՝ ի շահ ֆրանսական շուկային։
Աւելի առաջ Մաքրոն պայմանաւորուած էր, որպէսզի հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներու ընթացքին Սէուտական Արաբիայէն 95 հազար թոն տիզելային վառելիք մատակարարուի դէպի Ֆրանսա։ Այդ պայմանաւորուածութեան հիման վրայ, Մաքրոն անակնկալօրէն շրջագայութեան եզրափակիչ փուլին վերստին այցելեց Սէուտական Արաբիա։ Ռիատի մէջ, ան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։
Ֆրանսական կողմը կը նախատեսէ, որ Քաթարի հետ եւս յառաջիկային տիզելային վառելանիւթի մատակարարումներուն շուրջ պայմանաւորուածութիւններ կը գոյանան։
Ըստ միջազգային աղբիւրներուն՝ Էմմանիւէլ Մաքրոն հանդիսացած է արեւմտեան պետութեան մը առաջին ղեկավարը, որ Սէուտական Արաբիա այցելեց՝ Եմէնի հուսիներու կողմէ իրականացուած յարձակումներու համայնապատկերին վրայ։
Ռիատ մեկնելէ առաջ, Տոհայի մէջ նախագահ Մաքրոն տեսակցեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համատ ալ Թանիի հետ։ Կողմերը քննարկեցին տարածաշրջանային իրադարձութիւնները եւ Ֆրանսա-Քաթար ռազմավարական գործընկերութիւնը ամրապնդելու ուղիները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տնտեսութեան, ներդրումներու, անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս կապերը ընդլայնելու միջոցներուն։
Կը հաղորդուի, որ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ այս շրջագայութեան ընթացքին Մաքրոնի նպատակը եղած է փորձել զարգացնել ռազմավարական գործընկերութիւնները տուեալ երկիրներուն հետ։ Իր խօսքով՝ ան գործընկերներէն ստացած է ուժանիւթակիրներու յաւելեալ մատակարարումներ ապահովելու ուղղութեամբ յանձնառութիւններ։