ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ 19-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս վերաբացուած է «Հայաստանը 19-րդ դարուն» խորագրեալ մշտական ցուցադրութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Պօղոսեան շեշտեց, որ այս մշտական ցուցադրութեան հատուածը նախագծուած եւ իրականացուած է անցեալ տարուան ընթացքին ծաւալուած աշխատանքներուն շնորհիւ։ Այս ցուցադրութիւնը լոյս կը սփռէ անցեալի ծալքերուն վրայ։

«Ներկայացուած են մօտաւորապէս երկու հարիւր տարբեր տիպի նմոյշներ. կան գորգեր, ազգային տարազներ, արդուզարդի պարագաներ, զէնքեր։ Ունինք պատմական վաւերագրեր, հետաքրքրական թեքնոբանական լուծումներ, որոնք շարունակուած են այս հատուածներու ամբողջին մէջ։ Բայց, փորձած ենք նաեւ որոշ նորարարական ձեւերով ներկայացնել։ Ներկայացուած են նաեւ էնթերաքթիւ քարտէսներ, որոնց միջոցաւ հնարաւոր կ՚ըլլայ տեսնել պատմական իրադարձութիւններու ընթացքին սահմաններու փոփոխութիւնները», ըսաւ Դաւիթ Պօղոսեան։

Հայաստանի տարբեր պատմազգագրական շրջանները ներկայացնող ցուցանմոյշներու շարքին կը գտնուին ազգային տարազներ, նրբաճաշակ զարդեր, ձեռագործ գորգեր, բազմատեսակ աշխատանքային գործիքներ, աւանդական կենցաղային իրեր, վաւերագրեր, դրամներ, մետայլներ եւ այլն։

Ցուցանմոյշներու շարքին կ՚առանձնանայ 1896 թուականին արտադրուած քոնեաք մը, որ շշալցուած է Երեւանի մէջ յայտնի գործարար Ներսէս Թաիրովի գործարանէն ներս։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2026