«ՆՈՐ ՈՒԺ» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ Կ՚ԱՌԱՋԱԴՐԷ ՀԱՅԿ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆԸ

Հայաստանի մէջ, յառաջիկայ յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի ուշագրաւ կը դառնան։ Այսպէս, վերջին օրերուն յայտարարուեցաւ նորաստեղծ «Նոր ուժ» բարեփոխումներու կուսակցութեան հիմնադրութեան մասին։ Նորաստեղծ այս քաղաքական ուժը կը գլխաւորուի՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայկ Մարութեան 2018 թուականի իշխանափոխութենէն յետոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լծակիցներէն էր, սակայն, աւելի վերջ իրադարձութիւնները այնպէս մը ընթացած էին, որ անոնք հասած էին ճամբաբաժանի։

Ներկայ պայմաններուն ներքեւ, Հայկ Մարութեան ընդդիմադիր ճամբարի մէջ կը դասուի։ Շաբաթավերջին, Երեւանի «Ալեքսանտեր» պանդոկէն ներս կազմակերպուած նախընտրական հաւաքոյթի ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ան վարչապետի թեկնածու է։

«Մեր կուսակցութիւնը անկաշառ է ու անկաշկանդ, ազատ։ Եթէ ժողովուրդը որոշէ եւ մենք ստանձնենք պատասխանատուութիւնը, ապա պատրաստ ենք անմնացորդ ծառայելու ժողովուրդին եւ Հայաստանին», ըսաւ Հայկ Մարութեան հաւաքոյթի ընթացքին։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2026