ՄԱՀ՝ ՌՈՒԲԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան վերջին օրերուն կորսնցուցած է իր անզուգական ու սիրեցեալ հայրը՝ Ռուբէն Պետրոսեանը։ Երեւանի մէջ, 83 տարեկան հասակին յանկարծամահ եղած է Ռուբէն Պետրոսեան, որ իր շրջանակէն ներս յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած՝ երէց սերունդի ներկայացուցիչ մըն էր։ Իր անակնկալ կորուստը ցնցում պատճառած է թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ սիրելիներու շրջանակին։ Նորոգ հանգուցեալ Ռուբէն Պետրոսեանի յուղարկաւորութիւնը արդէն տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Ռուբէն Պետրոսեանի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք՝ Նաիրի Պետրոսեանին եւ հանգուցեալի համայն ընտանիքին։