ՀԲԸՄ-Ի ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ «ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մասնաճիւղը վերջերս կազմակերպեց յոբելենական հանդիսութիւն մը, որ իսկապէս պատմական բնոյթ ունէր։ Մասնաճիւղը, որ կը գլխաւորուի ատենապետ Գէորգ Զօրեանի կողմէ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ նշեց Լոս Անճելըսի «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեակը։ Այս դպրոցը, որ սփիւռքի խոր աւանդոյթներով կրթական օճախներէն մին է, կը գործէ ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ։

«Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանի հիմնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանին մասնակցելու համար Լոս Անճելըս այցելեցին նաեւ՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան, պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեան, կեդրոնական վարչութեան անդամներ, զանազան մասնաճիւղերէն պատասխանատուներ կամ վարչայիններ, Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակէն բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ այլ հիւրեր։

Հաւաքի ծրագիրը ունէր զանազան փուլեր։ Այս ամբողջին մէջ ՀԲԸՄ-ի եւ տեղւոյն համայնքային վարիչներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած կլոր սեղանը առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ ՀԲԸՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափի մասնաճիւղը առիթն ունեցաւ նաեւ իր գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագիրները ներկայացնելու։ Բացի այս բոլորէն, ընդունելութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ՝ մասնակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան։ «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանի յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքը բարձր տրամադրութեան պայմաններուն տակ ընթացաւ՝ մանաւանդ, որ մասնակիցներէն ոմանք վերյիշեցին յիսուն տարի առաջ՝ դպրոցի բացման առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւնը։

Գալիֆորնիոյ շրջանի պատասխանատուներուն հետ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան ծաւալած քննարկումները եղան բաւական օգտաշատ՝ մինչ Սեմ Սիմոնեան եւ ընկերակիցները Լոս Անճելըսէն հրաժեշտ առնելէ վերջ այցելեցին նաեւ Ֆրեզնօ։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2026