ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը դէպի Թիֆլիզ այցելութեան շրջանակներէն ներս հիւրընկալուեցաւ՝ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Չիքովանիի կողմէ: Նախարար Սուրէն Պապիկեանին համար կազմակերպուեցաւ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւն: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Պապիկեան եւ Չիքովանի Թիֆլիզի մէջ ունեցան առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդեցին պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս երկու հարեւան երկիրներու համագործակցութեան այժմու ընթացքին եւ զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր: Կողմերը արժեւորեցին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր: 

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստան կը պատրաստուի Ղազախիստանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթ մը ստորագրելու:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2026